Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահ՝ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեանի Ուղերձը Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիի 170-ամեակի Յոբելինական Հանդիսութեան

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կողմէ ձեզի բոլորին բարի գալուստ կը մաղթեմ այս իրիկուայ ձեռնարկին որուն շարժարիթն է տօնել Հայ Աւետարանական եկեղեցիին 170 ամեակը: Զուգադիպութիւն չէ որ այս հանդիսութիւնը տեղի կ’ունենայ մեր պանծալի անկախութեան 25 ամեակէն մի քանի օրեր ետք: Որպէս Հայ Աւետարանականներ մենք անբաժան մասնիկն ենք Հայ ազգին եւ հայրենիքին։ Անոր ուրախութիւնը մեր ուրախութիւնն է, անոր վիշտը եւ տառապանքը դարձեալ մերն է: Հետեւելով Յիսուսի այն յորդորին որ է «աւելի լաւ է տալը քան թէ առնելը», Հայ Աւետարանական եկեղեցին տուած է Հայ ազգին հերոսներ, մարտիկներ, ազգային ղեկավարներ, ուսուցիչներ, բազում դպրոցներ եւ կրթական հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ ընկերային ծառայութեան կեդրոններ: Հայ Աւետարանական եկեղեցին տուած է նահատակներ որոնց ամենէն յիշատակելին եւ ցաւալին է Ատանայի ճամբուն վրայ եկեղեցիի մը մէջ այն հրկիզուած 50էն աւելի մեր հոգեւոր հովիւները եւ առաջնորդները: Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը որ գործունեայ բազուկն է Հայ Աւետարանական եկեղեցիին, ներդրում ունեցաւ Հայաստանի մէջ 1988-ի աղէտալի երկրաշարժէն ետք մինչեւ այսօր։ Աւելի քան քառորդ դար Աւետարանչականի ծրագիրները Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ հազարաւոր մանուկներու եւ պատանիներու կեանքը կը ճոխացնեն եւ անոնց ֆիզիքական եւ հոգեւոր զարգացման կը սատարեն, ըլլայ անիկա Աւետիսեան դպրոցի, կամ զանազան ցերեկային կեդրոններու, ճամբարներու եւ այլ ծրագիրներու միջոցաւ:

Ի՞նչ է տեսիլքը Հայ Աւետարանական եկեղեցիին եւ ի՞նչ է մեր գոյութեան իմաստը եւ նպատակը այս ժամանակներուն, երբ մենք կամաց կամաց կը մօտենանք մեր 200 ամեակին: Իսկականին մէջ մեր նպատակները շատ տարբեր չեն անոնցմէ որ կը մղէին եւ կը խանդաւարէին մեր եկեղեցւոյ նախահայրերը 1846 թուին Կ.Պոլսոյ մէջ: Մեր երազն է տակաւին որ ամէն մէկ հայորդի կարդայ եւ մօտէն ծանօթանայ Աստուածաշունչին իրեն ծանօթ եւ մատչելի բառերով: Մեր երազն է որ ամէն հայորդի ունենայ Քրիստոսը իբրեւ իր կեանքի իտէալը եւ ուղղեցոյցը: Մեր երազն է որ ամէն հայորդի կանոնաւորապէս յաճախէ եւ նեցուկ կանգնի իր նախընտրած հայկական եկեղեցիին՝ ըլլայ այդ Հայ Առաքելական, Հայ Աւետարանական եւ կամ Հայ կաթողիկէ: Մենք կը հաւատանք որ որպէս Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի թոռները, մենք պէտք է ըլլանք իսկական Հայ Քրիստոնեաներ եւ միայն այն ատեն է որ մենք պիտի ըլլանք մարդասէր, ազգասէր, եւ անխոնջ ծառայենք մեր հայրենակիցներուն որոնք ունին նիւթական կարիքներ, առողջական դժուարութիւններ, ուսման ծառաւ եւ այլեւայլ պէտքեր կեանքի մէջ յաջողութիւն գտնելու: Եւ եթէ մենք այս բոլորը իրագործենք, Հայաստանը իրապէս որ պիտի ըլլայ երկիր դրախտավայր: Եկէք բոլորս մէկ աշխատինք այդ նպատակին համար։

25 Սեպտեմբեր, 2016
Երեւան, ՀՀ