
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի Ուղերձը Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիի 170-ամեակի Յոբելինական Հանդիսութեան

Սրբազան հայրեր,
Վերապատուելիներ,
Հոգեւոր հայրեր,
Յարգարժան հիւրեր,
Սիրելի ազգակիցներ,
Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան անկախութեան քսանհինգամեակին, Ամերիկային Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան անունով կ’ողջունեմ եւ կը շնորհաւորեմ մեզ բոլորս արդի հայոց պատմութեան մէջ ցայտուն իրականութիւն դարձող աննախընթաց այս տօնախմբութեան առիթով:
Արդարեւ՝ դարաւոր հայրենիքի, պապենական օճախի եւ անմարդկային աներեւակայելի կորուստի փորձառութիւնը ապրած Սփիւռքը իր քաշքշուող գոյապատճառի եւ գոյապայքարի տրամաբանական եւ միակ անվհատելի կրակի ճարճատումը վառ պահած էր, իր երազած անկախ Հայաստանի մը շօշափելի իրականութեան մէջ…
Իսկ հայրենի հասարակութիւնը, եօթանասուն տարիներ կքած Սովետական ճնշիչ եւ ստրկիչ իշխանութեան մը տակ կը բաղձար թափ տալ իր ներոյժը ազատօրէն օգտագործելու եւ ստեղծագործելու հնարաւորութեան, անկախ եւ գերիշխան հայրենիքի մը հողին վրայ:
Հայրենազուրկ, հայրենաբաղձ եւ հայրենակարօտ աշխարհացրիւ Սփիւռքի դարաւոր երազը, գումարած հայրենի ժողովուրդի ազատութեան ձգտումի բաղձանքին՝ անակնկալօրէն իրականացած էր: Պատմութեան այդ հոլվոյթին ապշահար ականատես եղող հայութիւնը կարողացաւ պահ մը վայելել, հրճուիլ եւ վերանալ իր արժանապատուութիւնը վերագտած իրաւատէրի մը նման: Գերիշխան երկիրներու կարգին մեր տեղը գտած էինք Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ: Մեր գլուխները բարձր ու ճակատները բաց՝ հպարտութեամբ հաւաքաբար ողջունեցինք ազատօրէն ծածանող երագոյնըեւ անոր երանգներուն տակ ապահով զգացող ամէն հայու պատկանող հայրենի աշխարհը:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան երկնակամարին վրայ երկնած արեւի ջերմութիւնը սակայն շուտով փորձաքարի զարնուեցաւ: Բնական հոլովոյթով մը վրայ հասաւ Սովետական կարգերու քայքայումի քաոսէն պետութիւն կերտելու դժուարին մարտահրաւերը: Այս բոլորը, գումարած շարունակուող Թուրք-Ատրպէյճանական շրջափակումներուն պատճառ դարձան տնտեսական եւ ընկերային տագնապի եւ ծաւալող գործազրկութեան:
Զուգահեռ ընթացաւ Աւարայրի մարտիրոսութիւնը եւ Սարդարապատի սխրագործութիւնը յուշող հպարտալից բայց մարդկային եւ նիւթական հսկայ զոհողութիւններու գինով շահուած ազատագրական Արցախեան հնգամեայ պատերազմը:
Հակառակ ստեղծուած դաժան պայմաններուն, անկախութեան քսանհինգ տարիներու ընթացքին երկիրը զարգացաւ: Վկայ՝ Քաղաքամայր Երեւանի գեղեցիկ պողոտաները, շլացուցիչ ցուցափեղկերը, շքեղ սրճարաններն ու ճաշարանները, արդիական հիւրանոցները եւ արդի ճարտարապետական կոթողները: Վկայ՝ համահայկական ներդրումով Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի կառուցած Արցախեան ճանապարհները, ջրամուղիները, վարժարաններն, հիւանդանոցներն, երաժշտանոցներն եւ այլ կառոյցները: Վկայ՝ կրթական բարձրորակ նորակերտ հաստատութիւնները: Վկայ՝ հայ անհատի ստեղծագործ մտքին երկունքը հանդիսացող արուեստի, Ճարտարարուեստի, գիտութեան, մշակոյթի, մարզական եւ բժշկական մարզերուն մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւնները: Վերջապէս վկայ՝ երկրի սահմանները պաշտպանող Հայկական քաջարի հրաշք բանակը իր խիզախ եւ մարտնջող զինուորներով, սպաներով եւ համապատասխան զինուորական սարգաւորումներով եւ ազգային հերոս ղեկավարութեամբ: Օրեր առաջ մենք ականատէս եղանք հայկական քաջարի բանակի զօրահանդէսին, որու արդիական զօրուժէն, սպառազինութենէն անդին մեզ փշաքաղողը հայ զինուորին աննուաճելի ոգին է:
Հայրենիքի կարօտով տոգորուած խանդավառ Սփիւռքը իր ակնայայտ դերը ունեցաւ այս զարգացումին մէջ: Անհատներ, խմբաւորումներ եւ կազմակերպութիւններ ողողեցին հայրենիքը իրենց զանազան մարզերու մէջ ունեցած մասնագիտական մարդուժով, գործարարական փորձարութեամբ, արտադրական արդիագոյն գիտութեամբ, ֆինանսական ներդրումներով, նպաստներու հսկայ ծրագիրներով՝ բոլորը ծրարուած անսահաման սիրոյ եւ զոհողութեան ոգիով:
Համեստօրէն հարկ է նշել թէ Աւետարանչականը, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային պարտաւորութեան խոր գիտակցութեան ոգիով, նախորդ քսանհինգ տարիներու ընթացքին հայրենիքի մէջ մարդուժի, կրթական, հոգեւոր եւ ընկերային ծրագիրներու, նպաստներու եւ ծառայութեան դաշտին մէջ անհրաժեշտ կառոյցներու ոլորտներու մէջ ներդրած է մօտ Հարիւր միլիոն ամերիկեան տոլար: Հարիւր միլիոն տոլար՝ որու ամէն մէկը նուիրուած է հայրենիքի հանդէպ անխախտ հաւատարմութեամբ, սիրով, զոհողութեամբ, հաւատքով եւ յոյսով:
Զարգացումներու շարքը երկար է, մենք հպարտ ենք հայրենիքով բայց բոլորս ալ գիտակից ենք թէ՝ չենք բաւարարուած:
…Երկու անվիճելի իրավիճակներ գրաւականն են մեր լիիրաւ եւ արժանի անկախութեան:
Ա- Հզօր պետութեան մը գոյացումը:
Պետութիւն՝ որ կարող է պաշտպանել երկրի սահմանները, ապահովել անոր գերիշխանութիւնը եւ ամէնաթոյզն վտանգէ զերծ պահել անոր խաղաղ բնակչութիւնը: Այս վիճակին մէջ գլխաւոր եւ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ ազատ եւ գերիշխան Արցախի մը ապահովումը: Արցախ՝ որ Հայաստանի գոյութեան, հզօրութեան եւ գերիշխանութեան գրաւականն է, անսասան թումբը, անխախտելի ու անխոցելի կարմիր գիծը:
Պետութիւն՝ որ հզօր եւ կարող ըլլայ օժանդակելու Սփիւռքի մէջ սուր տագնապներու ենթարկուող հայահոծ գաղութներուն:
Բ- Գոհունակ քաղաքացիութեան մը երաշխիքը:
Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեան յայտարարութեան պատճէնին մէջ տեղ կը գրաւէ ժողովուրդի «Կեանքի, ազատութեան եւ երջանկութեան» արդար իրաւունքը: Ոչինչով պակաս իրաւացի է այս երաշխիքը հայրենի մեր ժողովուրդի ամէն մէկ զաւակի կամ Հայաստանի Հանրապետութեան ամէն մէկ քաղաքացիի համար: Այս վիճակը կ’ապահովուի ընկերային արդարութեան հաւաստիքներով լիացած ընկերութեան մը մէջ, առանց խտրականութեան օրէնքի արդար եւ հաւասար կիրարկումով:
Հայրենիքը սուրբ է եւ հարկ է սրբութեամբ մօտենալ անոր հանդէպ մեր ունեցած անհատական եւ հաւաքական պարտաւորութիւններուն, որ բոլորիսն է անխտիր:
Աւետարանչականը անգամ մը եւս կը շնորհաւորէ ձեր բոլորը Հայաստանի Հանրապետութեան քսանհինգերորդ տարեդարձին առիթով եւ հրապարակաւ կը հաստատէ իր անդադրում եւ խարսխուած յանձնառութիւնը հայրենիքի հզօրացման եւ անոր ժողովուրդի հոգեմտաւոր եւ ֆիզիքական զարգացման ճանապարհին:
Փառք Աստուծոյ մեր բոլորի ազատ եւ անկախ հայրենիքի համար:
Բարի տարեդարձ եւ բարի երթ շատ սիրելի ազատ եւ անկախ հայրենիք:
Շնորհակալութիւն:
25 Սեպտեմբեր, 2016
Երեւան, ՀՀ