
ԼԻԲԱՆԱՆ. Աղերս խաղաղութեան եւ վերակենդանացման

Տարածաշրջանի հակամարտ ուժերը պէտք է կարգաւորեն իրենց
տարաձայնութիւննեը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ
եւ ոչ անոր խաղաղ ու անմեղ բնակչութեան ճաշասեղաններուն վրայ։
Օգոստոս 5, 2020
Զաւէն Խանճեան, Գործադիր Տնօրէն
Պէյրութի հզօր պայթումը, որ բազմաթիւ անմեղ Լիբանանցիներու կեանքը խլեց՝ իր ետին թողելով հազարաւոր վիրաւորներ, աւելի քան աւերիչ էր։ Անկախ այն իրականութենէն թէ արկած էր կամ կանխամտածուած ոճիռ, վնասը չափազանց ահռելի էր եւ անկրելի։ Աւերն ու կործանումը այնքան հսկայական էին եւ ծաւալուն, ոմանք զայն բնութագրեցին նմանը չունեցող Լիբանանի 15-ամեայ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին։
Երկիր մը, որ քաղաքական, տնտեսական եւ առողջական ճգնաժամէ կը տառապի, այժմ փորձառութիւնը կ՚ունենայ բռնութեան եւ ֆիզիքական վնասի՝ կեանքի եւ կալուածի հանդէպ։ Մեր սիրտերը կը ճմլուին պայթումի հետեւանքով զոհուածներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար։ Իմ յոյսս եւ աղօթքս է, որ այս բռնութիւնը չի ծաւալի երկրի մը մէջ, որ դարեր շարունակ կրթութեան լուսաւորութեան, տեղաշարժի եւ արտայայտութեան ազատութիւն, բնական գեղեցկութիւն եւ իր ժողովուրդի ջերմութիւնը սփռած է չորսդին։ Այս երկրին մէջ էր իմ բարձրագոյն ուսումնավայրը։ Թող զոհերը հանգչին խաղաղութեամբ եւ Սուրբ Հոգին մխիթարէ իրենց սիրելիներն ու հարազատները Իր զօրութեամբ, որ մեր հասկացողութենէն վեր է։
Լիբանան՝ այժմ որեւէ ատեէ աւելի անյապաղ կարիքը ունի երկու բանի.-
1. խԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ՝ առաջնահերթ
40-ական թուականներու իր ձեռք բերած անկախութենէն իվեր, այդ տարածաշրջանին մէջ մտքի ազատ արտայայտութեան, ազատ մամուլի, ազատ ելեւմուտի եւ անոր Աստուածատուր բնութեան գեղեցկութեամբ օրհնուած եւ մատուցուած մթնոլորտի պատճառաւ, Լիբանան դարձած է կիզակէտը տարածաշրջանի գողարկուած եւ ծածուկ գաղտնի գործողութիւններու եւ դաւադրութիւններու։
Մերձաւոր Արեւելքի սրտին վրայ հանգչող այս փոքր՝ երբեմնի Քրիստոնեայ մեծամասնութիւն ունեցող երկիրը, յոգնած է իր հողին վրայ ճակատող հակամարտութիւններէ, թշնամութիւնէ, մարտերէ եւ պայքարէ։ Այսօր Լիբանանը, իր ապականած քաղաքական խաւէն անկախ, ենթարկուած է հաւաքական, ուղղակի կամ անուղղակի պատժամիջոցերու՝ որոնք խախտած են անոր տնտեսութիւնը, անդամալուծած են առեւտուրը եւ երկրի բնակչութիւնը առաջնորդած սովամահութեան ճանապարհին։ Մարդասիրկան ոգիով՝ համահունչ մեր արժէքներուն, անհրաժեշտ է որ անմարդկային պատժամիջոցները ջնջուին, վերացնելով տարածաշրջանի բնակչութեան տառապանքը։
Տարածաշրջանի հակամարտ ուժերը պէտք է կարգաւորեն իրենց տարաձայնութիւննեը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ եւ ոչ անոր խաղաղ ու անմեղ բնակչութեան ճաշասեղաններուն վրայ։
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ հրամայական է եւ գերակայ Լիբանանի մէջ եւ շուրջ։
2. ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑԵԼ ԵՐԿԻՐԸ
Քաղաքական, տնտեսական, ֆինանսական՝ առաւել COVID-19 համաճարակի անէծքներով տանջուած, այժմ Լիբանան կարիքը ունի երկրագունդի բոլոր պարկեշտ, սիրող եւ հոգատար ձեռքերու՝ փրկութեան հասնելու համար։ Շտապ օգնութեան կարիքները՝ ինչպէս սնունդ, դեղօրայք, ապաստանարան, որոնք անյապաղ պէտք էին երէկ, այսօր կ՚աւելնան պարզ կարիքով մը եւս, ծածկոյթ՝ (ապակի կամ այլ) երկրի կառոյցներու եւ բարոյականի փշրուած պատուհաններու ու դռներու։
Բոլոր քանդիչ ձեռքեր՝ հեռու Լիբանանէն։
Եւ կոչ՝ բոլոր խաղաղասէր, կարեկից եւ Քրիստոսակորիզ ձեռքերու ու սրտերու՝ հասնելու եւ փրկելու Լիբանանը եւ տարածաշրջանը։
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը յանձնառու է անսասան շարունակելու իր շտապ օգնութիւնը Լիբանանի մեր համայքներուն՝ անոնց ներշնչելով ՅՈՅՍ եւ վերածնունդ։
Շնորհակալութիւն ձեր աջակցութեան համար:
- Interview with Zaven Khanjian, AMAA Executive Director/CEO about the current situation in Lebanon
- Interview with Rev. Haroutune Selimian, head of the Armenian Evangelical Community in Syria, about the recent situation in Syria
- Interview with Zaven Khanjian, AMAA Executive Director/CEO on AMAA’s commitment to the Near East
- Interview with Rev. Paul Haidostian, Ph.D., Chair of the Central Committee of the Union of the Armenian Evangelical Churches in the Near East and President of Haigazian University describing what Lebanon and Lebanese-Armenians are facing today in Lebanon
- A Live Prayer for Beirut by the three denominations in Lebanon
- A Prayer for Lebanon by Rev. Dr. Krikor Youmshajekian, President/CEO of Armenian Missionary Association of Australia