
ԽՕՍՔ ՕՐՀՆԵՐԳԻ ՄԱՍԻՆ

Փողոցին մէջ եթէ երբեք հանդիպիք,
Լակոտ մը մերկ, սեւ ու խոշոր աչքերով,
Որ կը շրջի սուլելով «Մեր Հայրենիք»,
Բերէք ինձ զայն, Բերէք իմ գիրկըս սիրով։
Հայր Վահան Յովհաննէսեան
«Բերէք Ինձ Զայն» 1936
Հայաստանի Հանրապետութեան Օրհներգը փոխելու նիւթը կրկին սեղանի վրայ է:
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները քննարկութեան առարկայ դարձուցած են Օրհներգի փոփոխութիւնը կարծիք հայցելով զանազան աղբիւրներէ:
Ահաւասիկ իմ կարծիքս:
Որեւէ մէկուն անակնկալ պէտք չէ թուի այն իրողութիւնը թէ ընդհանրապէս հայութիւնը յուզող հարցերու մէջ երբեմն տեսակէտի տարբերութիւն եւ զանազանութիւն կայ Սփիւռքահայուն եւ հայրենի հողին վրայ հասակ առնող մեր արենակիցներու մէջ: Ահազանգ հնչեցնող երեւոյթ մը պէտք չէ համարել այս, նկատի ունենալով այն բոլոր մտածողութեան եւ կարծիքներու զանազանութիւնը զոր գոյութիւն ունի թէ Սփիւռքեան իրականութեան մէջ ինքնին եւ մանաւանդ աւելիով իսկ ՀՀ քաղաքացիներու մտածողութեան եւ տեսակետներու մէջ:
Անխախտ իրողութիւն է թէ հազարամեայ հայրենիք, երդիք եւ ծննդավայր կորսնցնող սփիւռքահայը, յետ եղեռնեան իր անխարիսխ տագնապին մէջ իր գոյութեան երաշխիքը եւ տոկալու աւիշը գտաւ ազատ եւ անկախ հայրենիքի մը երազին մէջ: Երազ մը, որուն խորհրդանիշը հանդիսացաւ առաջին հանրապետութեան զինն, դրօշն ու օրհներգը: Որբացած «լակոտ»ները եւ անոնց յետնեալ սերունդները չդադրեցան շրջիլ սփիւռքեան «օտար ու խորթ» ափերու վրայ սուլելով եւ երազելով «Մեր Հայրենիք»:
Այսօր՝ երբ հրաշքը կատարուած է եւ մենք որպէս կորսուած Արեւմտահայաստանի ժառանգորդներ, մօտ 28 տարիէ իվեր կը վայելենք ազատ ու անկախ Հայրենիքի մը կատարելագործուած երազը՝ մեզ հայրենի սրբազան հողին, փրկուած շերտ մը Հայրենիքին եւ զայն կերտող բոլոր նահատակ մարտիկներու յիշատակին հետ շաղկապող ոգին խտացուած է այս խորհրդանիշներուն մէջ: Դրօ՛շ, Օրհնե՛րգ եւ Զինանշա՛ն:
Ինչո՞ւ խախտել այս ոգեկան հիմերը: Ինչո՞ւ կտրել հայրենիքի մը հետ մեզ նոյնացնող այս կապը: Ինչո՞ւ զրկել սփիւռքահայը, պատմութենէն ծորող եւ զինք սնուցանող աւիշէն:
Գուցէ «Մեր Հայրենիք»ի երաժշտական կշռոյթը գերազանցող հրաշք յօրինողներ ունի մեր հայրենիքը:
Գուցէ մեր մրրկաշունչ կամ հայրենապաշտ բանաստեղծները հրաշագործ ստեղծագործութիւններ երկնած են, զոր կրնայ փոխարինել «արտասուքով լուացուած» դրօշի օրհներգը:
Գուցէ եւ գուցէ:
Բայց մենք ամէն առիթ եւ պատեհութիւն ունինք վայելելու այդ ստեղծագործութիւնները, հպարտանալու անոնցմով, անգիր եւ բարձրաղաղակ երգելու կամ ասմունքելու զանոնք: Այդ ամէնը, հայրենիքէն սկսած, մինչեւ երկրագունդի ամէն մի անկիւն հաւաքուած Հայկի զաւակներու խմբակի մը հագագէն բարձրացող ձայն է երգի, երկի կամ աղօթքի ամէն օր:
Մեր անցեալէն բխած, մեզ անցեալին հետ շաղկապած եւ մեզ յարատեւօրէն անխարիսխ, անհասցէ եւ անհայրենիք «լակոտ»ի մը հոգեբանութենէն վեր բարձրացնող այս խորհրդանիշ օրհներգը թող շարունակէ համաշունչ հնչել եւ իր քոյր՝ փողփողող եռագոյն խորհրդանիշին հետ հաւաքել իր որդիքը Արարատի լանջերուն վրայ:
Այս բոլորը կ’ուղղեմ մեր Հայրենի իշխանութիւններուն, եղբայրական ոգիով, յարգելով ոմանց խորթ թուող այս մտածելակերպը, առանց արհամարհելու փոփոխութեան տուն տուող ոմանց տրամաբանութիւնը եւ հաստատ գիտնալով՝ թէ մեր բոլորին հայրենասիրութիւնը նժարի վրայ պակաս կշռող պատճառներու փնտրտուքը, կասկածն ու ամբաստանութիւնը անհեթեթ է, անտեղի եւ աւելորդ:
«Մեր Հայրենիք»ի ամէն մի խազ թող շոյէ մեզ իր որդիասէր շունչով եւ ծնողի մը գուրգուրանքով տուն կանչէ մեզմէ ամէն մէկը, հայցելով՝
«Բերէք ինձ զայն, բերէք իմ գիրկըս սիրով»։
Յարգանքներով՝
Զաւէն Խանճեան, Գործադիր Տնօրէն
Փետրուար 5, 2019
ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Մեր Հայրենիք, ազատ անկախ,
Որ ապրել է դարե դար
Իր որդիքը արդ կանչում են
Ազատ, անկախ Հայաստան։
Ահա եղբայր քեզ մի դրոշ,
Զոր իմ ձեռքով գործեցի
Գիշերները ես քուն չեղա,
Արտասուքով լվացի։
Նայիր նրան երեք գույնով,
Նվիրական մեկ նշան
Թող փողփողի թշնամու դեմ
Թող միշտ պանծա Հայաստան։
Ամենայն տեղ մահը մի է
Մարդ մի անգամ պի՛տ մեռնի,
Բայց երանի՝ որ յուր ազգի
Ազատության կզոհվի։