
Հայաստանի Մէջ Առաջին Բնապահպանական Կառոյցը՝ Երեւանի Աւետիսեան Կրթահամալիրը Արժանացած է Ամերիկեան Հեղինակաւոր LEED Silver Վկայագրին

Աւետիսեան Դպրոցի աշակերնտներու ծառատունկը
Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) բազմաթիւ հայրենաշէն առաքելութիւններէն մէկը դպրոցաշինութեան ծրագրի իրականացումն էր Մայր Հայրենիքի մէջ:
20 տարի առաջ, ամերիկահայ բարերար Էտուարտ Աւետիսեանի հովանաւորութեամբ Երեւանի ՀԱԹ-ի մէջ (Հարաւ-արեւմտեան թաղամաս) ԱՀԱԸ-ի հիմնադրած Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեաններու անուան կրթահամալիրը իր յարկին տակ ընդունեց թաղամասի անապահով ընտանիքներու երեխաները, ապահովեց անոնց անվճար եւ որակեալ ուսուցումը: Կարճ ժամանակի մէջ ան դարձաւ սիրուած եւ գնահատուած կրթօճախ՝ իր մասին վկայելով գործով, իր փայլուն շրջանաւարտներով եւ հեղինակութիւն վաստակած անձնակազմով:
Կրթօճախի այդպիսի սրընթաց վերելքը ոգեշնչեց ամերիկահայ բարերարները եւ ԱՀԱԸ-ին՝ գերազանցապէս բարելաւելու դպրոցի շէնքային պայմանները: Եւ 2014 թուականին արդէն դպրոցը տեղափոխուեցաւ 21-րդ դարի շունչով կառուցուած սեյսմակայունութեամբ գերարդիական շէնք: ԱՄՆ «Կանաչ շինարարական խորհուրդի» (USGBC – The United States Green Building Council) հեղինակաւոր LEED (Leadership in Energy and Environmental Design) վկայագրման պահանջքներուն համապատասխան բնապահպանական նախագիծով կառուցուած կրթահամալիրը իր 7 յարմարաւէտ մասնաշէնքերով Հայաստանի առաջին eco կառոյցն էր: Եւ բնական էր, որ շուտով ան դարձաւ «դպրոց եւ համայնքային կեդրոն»:
Առնօ Բաբաջանեանի 42/7 հասցէի մէջ գտնուող «կանաչ դպրոցը» յագեցած է արեւային ջրատաքացուցիչներով, «դալար տանիքի» շնորհիւ իրականացուող ջրապահպանութեամբ, տեսակաւորուած աղբահանութեամբ, ենթակառուցուածքներու մատչելիութեամբ, սեփական «արտադրութեան» պտուղներով: Դպրոցի աշխատակազմը թեւ-թեւի տուած բնապահպանական անխոնջ աշխատանք կը կատարէ, պետական, հասարակական, միջազգային կառոյցներու, հիմնադրամներու, «Հայաստան ծառատունկ ծրագրի» (ATP) հետ, իսկ ամառնային ճամբարի առօրեան նոյնպէս հիմնուած է բնապահպանական կրթութեան սկզբունքներուն վրայ:
Աւետիսեան Դպրոցի Արեւային Վահանակները Նորակառոյց Աւետիսեան Դպրոցի Բացումը Աւետիսեան Դպրոցի աշակերտները պարարտում կը պատրաստեն Աւետիսեան Դպրոցի աշակերտները Վարժարանի բարերար Եդուարդ Աւետիսեանի օգնութեամբ բոյսեր կը տնկեն դպրոցի «դալար տանիք»ին վրայ
Այդ բոլորը, անշուշտ թերի կ’ըլլար, եթէ չ’ըլլային ուսման հոյակապ պայմանները դիպուկ, տեղին եւ խելացիօրէն օգտագործող մանկավարժներն ու մասնագէտները: Անոնց շնորհիւ է, որ այսօր Աւետիսեան դպրոցի մէջ ուսանիլը պատիւ կը համարուի: Աւետիսեանի շրջանաւարտներուն դիմաց փակ դռներ չկան, եւ դպրոցի աշակերտութեան քանակն ընդամէնը քանի մը տարուայ ընթացքին հնգապատկուեցաւ, ինչպէս կ’ըսեն՝ կրթահամալիրի «դալար տանիքի սիզամարգը» կը գրաւէ մարդոց:
Աւետիսեան դպրոցը սոսկ կրթարան չէ: Ան մեծ, համերաշխ, հայաշունչ ընտանիք է, որ ստանձնած է հայրենաշինութեան եւ հայրենիքի բարեկարգման գործի իր բաժինը: