
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէն՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի Ուղերձը Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիի 170-ամեակի Յոբելինական Հանդիսութեան

Պատւոյ հիւրեր, հոգեւոր եղբայրներ եւ սիրելի հանդիսականներ,
Հաւաքուած ենք այստեղ տօնելու Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 170-ամեայ Յոբելիանը: Երջանիկ զուգադիպութեամբ մը այս օրերուն Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ կը տօնէ իր անկախութեան 25-ամեակը:
Այս զոյգ առիթներով կ’ողջունենք ձեզ բոլորդ ալ յանուն Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդին:
170 տարիներ շարունակ Հայց. Աւետարանական Եկեղեցին հաւատարիմ մնացած է իր անունին, կոչումին եւ առաքելութեան, որուն համար Աստուծոյ փառք կուտանք:
Իմաստով մը, Իր անունը կրող 3 բառեր կ’արտայայտեն մեր եկեղեցւոյ կոչումն ու առաքելութիւնը:
Երեք բառեր, որոնք յատկանշական են Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցի:
170 տարիներ առաջ երբ ծնունդ առաւ մեր եկեղեցին Պոլսոյ մէջ, անոր հիմնադիրները զայն անուանեցին Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցի.
- Նախ եւ առաջ մեր Եկեղեցին Հայաստանեայց է, ՀԱՅ Եկեղեցի է, որովհետեւ ան ծնաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ, մնաց, եւ կը մնայ հայկական Եկեղեցի: 170 տարիներ շարունակ ան Հայ Եկեղեցի է իր կոչումով եւ առաքելութեամբ, իր յոյսերով եւ յոյզերով, իր մտահոգութիւններով եւ մարտահրաւէրներով:
Մենք Հայ եկեղեցի ենք, հպարտ ենք մեր հայութիւնով, հպարտ մեր ազգով ու մեր հայրենիքով: Եւ Հայ ազգին ու հայրենիքին համար մատուցած ենք մեր ծառայութիւնը հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ ընկերային մարզերու մէջ: - Մեր Եկեղեցին նաեւ Աւետարանական Եկեղեցի է: Աւետարանական՝ որովհետեւ Աւետարանը, Քրիստոսի սիրոյ եւ փրկութեան Բարի Լուրը, մեր կեանքի եւ գործի հիմնախարիսխն է: Աւետարանը մեր անհատական, հաւաքական եւ եկեղեցական կեանքի գերագույն հեղինակութիւնն է: Աւետարանը մեր պարծանքն է: Զայն տարածելը մեր պարտականութիւնն է: Հայց. Աւետարանական Եկեղեցին կը հաւատայ որ ամէն մարդ պէտք է ընդունի Բարի Լուր եղող Քրիստոս որպէս իր կեանքի Տէր եւ Փրկիչ:
- Մեր Եկեղեցին նաեւ Եկեղեցի է, բառին բովանդակ իմաստով, այսինքն Հաւատացեալներու Ժողովք: Ան ժողովարան չէ, աղանդ չէ, այլ անբաժանելի մէկ մասը Քրիստոսի Տիեզերական/ընդհանրական Եկեղեցիին: 170 տարինէրէ ի վեր անոր կոչումը եղած է Կենաց Բանին Քարոզութիւնը, Աստուծոյ խօսքը քարոզելը, Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն ջամբել, Քրիստոնէական հաղորդակցութեան կապեր հաստատել Քրիստոնեայ եկեղեցիներու հետ: 170 տարիներէ ի վեր ան կենդանի վկան եղած Քրիստոսի – Անոր անունով վկայած է եւ ծառայած, թէ՛ Հայ ազգին եւ թէ՛ մարդկութեան:Սիրելի հանդիսականներ, այսօրուան այս հաւաքոյթը հոգեւոր խնճոյք մըն է ամէնուս համար ուր մէկտեղուած ենք տօնելու Հայց. Աւետարանական Եկեղեցւոյ 170 ամեակը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 25 ամեակը:
Աստուած օրհնէ մեր Եկեղեցին եւ Աստուած օրհնէ մեր Հայրենիքը:
Կեցցէ՛ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին եւ կեցցէ՛ ազատ անկախ Հայաստանը:
25 Սեպտեմբեր, 2016
Երեւան, ՀՀ