Նկարագիր

AMAA-ի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի ելոյթը Ստեփանաւանի նորակառույց Կեդրոնի բացման եւ վերանորոգուած Հայ Աւետարանական եկեղեցաշէնքի վերընծայման հանդիսաւոր պաշտամունքին։

Ուստի Աստուծոյ ընտրեալ սուրբերու եւ սիրելիներու պէս ձեր վրայ հագէք գութը, ողորմութիւնը, քաղձրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնամտութիւնը, իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մեկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. Ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ դուք: Եւ այս ամէն բաներուն վրայ սէրը հագէք որ կատարելութեան կապն է:

Կողոսացիս 3. 12-14

Օրուայ նիւթի բիւրեղացման փոթորիկին մէջ առճակատման մը դէմ հանդիման կը գտնուիմ:
Ի՞նչ է որ կը յիշատակենք այսօր: Ստեփանաւանի նորոգուած Եկեղեցւոյ նաւակատի՞քը, Աւետարանչականի Ստեփանաւանի նոր կեդրոնի նուիրո՞ւմը, թէ Հայաստանյայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ 175ամեակը: Գուցէ եւ այս երե՞քը: Պատասխանատուութեանս ծիրին մէջ էր այսօրուայ ձեռնարկներու ծրագիրը: Հակառակ անոր հանգիստ չեմ այս նիւթով եւ կը փոթորկի միտքս: Մտածումներս զիս կ’ուղղեն Աստուծոյ խօսքին: Կը բանամ Աստուածաշունչը: Յովհաննու Աւետարանի առաջին գլխուն առաջին հինգ համարները: Բոլորս ծանօթ ենք այս խօսքերուն որոնք գուցէ Աստուածաբանութեան խորունկ եւ ծաւալուն տարածութիւնը կ’ընդգրկեն: Աստուած Ստեղծիչն է այն բոլորին որ գոյութիւն ունի: Աստուած Ալֆան եւ Օմէկան է: Սկիզբն ու վերջը: Սկիզբի եւ վերջի միջոցին՝ Աստուածաշունչը կեանքի եւ մարդու մասին կը խօսի: Մարդը՝ Աստուծոյ ստեղծած ասուն մարդը, գոյութիւնը եւ ստեղծագործութիւնը կ’իմաստաւորէ: Երեւակայեցէք պահ մը տիէզերքը առանց մարդու գոյութեան: Է՛ր առաջ, չ՞է: Բայց «մարդ»ու հասկացողութեան մէջ առանց անոր գոյութեան վերեւի երեք առիթները անիմաստ եւ անգոյ են:

Աւետարանչականի հարիւրամեակի նուիրուած եւ «Հարիւրամեայ Յանձնառութիւն» խորագրուած յօդուածի մը մէջ հետեւեալը ընդգծած եմ որպէս Աւետարանչականի ուխտը մեր ժողովուրդին:

«Ո՛չ կայսրութիւններ եւ ո՛չ կառոյցներ: Մեր ուշադրութեան առարկան հայ անհատն է:
Մենք կ’ուխտենք բարեփոխել անհատին կեանքը: Մեր հաւաքական գործունէութիւնը կարելի է ամփոփել այն հասկացողութեամբ թէ մենք ինչպէ՞ս կարող ենք ազդել մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ֆիզիքական բարեկեցութեան վրայ:»

Ուրեմն բարեփովել անհատին կեանքը զայն դարձնելով հայելին Կողոսացիս 3.12-14 համարներուն ուր բաղձալի նկարագրի ընդհանրական պատկեր մը գծուած է:

Գտած էի օրուայ խորհուրդի կորիզը: Թէ ինչ որ կը յիշատակենք այսօր, ըլլայ այդ այս գեղատեսիլ կառոյցը եւ կամ բազմանպատակ ծառայութեան նուիրուած կողքի նորակառոյց կեդրոնը եւ կամ 175ամեայ Հայաստանյայց Աւետարանական Եկեղեցին եւ իր առաքելութիւնը, նպատակը մարդ արարածին հասնիլն է եւ զայն առաջնորդել իր Ստեղծիչի պատկերին:

Այդ ճանապարհին վրայ մարդը «նկարագիր» ունենալու է: Մալխասեան բառարանը այսպէս կը սահմանէ «նկարագիր» բառին իմաստը: Վարք, բարոյական կողմի պատկեր: Անձի մը բնութեան պատկերացումը խօսքերու միջոցաւ: «Լաւ նկարագրի տէր մարդ չէ» կ’ըսենք եւ կամ «Շատ փայլուն նկարագիր ունի»:

Նկարագի՛ր:

Մեր առաքելութիւնը՝ որպէս Աւետարանչական եւ կամ Հայ Աւետարանական Եկեղեցի այդ նկարագրի պատրաստութեան խրթին գործին մէջ կը կայանայ: Մաքուր, անբասիր նկարագիր:

Նկարագի՛ր:

Աւետարանչականի եւ Եկեղեցիին տեսիլքը՝ հայ մարդու, հայ քաղաքացիի էութեան կոբումին մէջ կ’ընդգրկէ՝ խարսախուած ուղղամտութիւն, վերահա՛ս անխարդախ բարոյականութեան, ջատագով՝ ընկերային արդարութեան, խղճի, խօսքի եւ արտայայտուելու ազատութեան: Քաղաքացի՝ որ կը ներբողէ կամաւոր եւ նուիրուած ոգիով ծառայութիւն, կը յարգէ մարդկային իրաւունքները եւ պատրաստ է զոհուելու հայրենիքի համար: Քաղաքացի՝ որ կը սիրէ իր եղբայրը, իր Ստեղծիչը եւ իր կեանքով, բարի օրինակ է այլոց, ցոլացնելով Քրիստոսի խաչելութեամբ ցուցաբերուած անսահման սէրը իր չորսդին:

Նկարագի՛ր:

Նկարագի՛ր որ մարդը դուրս կը հանէ իր նկարէն, իր Եսէն, ինքզինքը իր էութեան կորիզը դարձնելու մարմաջէն, խոնարհելով Աստուծոյ ներկայութեան առջեւ, մաքրամաքուր, անանձնասէր, զոհաբերող եւ Քրիստոնէակորիզ կեանքի մը կենդանի վկայութեամբ:

Այսօր՝ մարդ արարածի մեծագոյն ախտը անհատական նկարագրի հետ առընչուած է: Նեխած, եղծուած, անմաքուր եւ պատիր:

Նկարագիրն է որ զգետնած է մարդը եւ նկարագիրն է որ զայն պիտի յառնէ:

Այսօր, ինչ որ ալ ըլլայ մեր յիշատակումը, Աւետարանչականի եւ Եկեղեցիի հաւաքական յանձնառութիւնը պիտի ըլլայ հաւատքի, ստեղծագործութեան, գիտութեան եւ քաղաքակրթութեան փարոս մը դարձնել այս հայրենիքը եւ այլուր, որու լուսաւոր ջահը պէտք է երկարի շրջապատի լայնածաւալ խաւարին մէջ, արդարացնելով մեր ստեղծումի եւ գոյութեան Աստուածային առաջադրանքը: «Կեանքը անով էր, ու կեանքը մարդոց լոյսն էր: Եւ լոյսը խաւարի մէջ կը լուսաւորէր, ու խաւարը զանիկա ճանչցաւ:» Մենք այդ լոյսին պատկերը ունենալու կոչուած ենք: Մենք այդ լոյսին պատկերը ցոլացնելու կոչուած ենք:

Կառոյցը, Կեդրոնը եւ կամ Եկեղեցին ողջունելի են, բայց փրկութեան թեկնածուն մարդն է: Այսօր եւ ամէն օր, յիշատակի արժանին եւ մեր ուշադրութեան կիզակէտը մարդն է: Կերտելու այն մարդը՝ որու լոյսն ալ խաւարը կը լուսաւորէ, որպէսզի անգամ մը եւս Դիոգինես՝ օր ցերեկով լապտեր մը ձեռքին մարդ փնտրելու ահաւոր յուսախաբութենէ տարուած իր շուրջը հաւաքուողներուն չկրկնէ «Ես մարդ կանչեցի, դուք ինչո՞ւ եկաք:»

Նկարագի՛ր:

Որու ընդմէջէն Բանը, Քրիստոս Աստուած, կը ցոլայ:

Ծանիր զՔեզ՝ մարդ Աստուծոյ:

Ամէն: