
106th Annual Armenian Genocide Commemoration – Times Square, NYC

The Wake Up Call

It was not to happen this way.
The national mood of the 106th commemoration of the Armenian Genocide was to be a continued spirit of jubilation of expanded global recognition and a slow but solid path towards our aspirations for recognition, restoration and reparation.
Instead, a year of unprecedented affliction struck us, the memory of which brings chills to the soul of every Armenian around the globe. COVID-19, crisis in Syria and Lebanon, and a horrendous explosion in Beirut are painful memories, which will haunt us for a long time.
The calamitous end of the 44-day war in Artsakh, however, was a game changer. A nation is mourning the martyrdom of thousands of its youngest and brightest defending a Homeland. A nation is mourning thousands of heartbroken mothers, widows and children, whose family trees bear branches axed a century ago, ironically by the same perpetrator. A nation is mourning the loss of vast territories of historic land, punctuated by innumerable monuments of its opulent Christian heritage.
The national mood is more acquiescent of that of 1921 rather than 2021.
Somber, moot, mournful!
We are all guilty!
We are guilty of having enjoyed the elation of victories and failed to nurture and preserve the blessings on hand.
The challenges ahead are monstrous as the Armenian political and institutional leadership struggles to carve a course forward, amidst a mountainous pile of uncertainties.
Answers are sought for the failure of 30 years of defense and diplomatic institutional build up. Amidst an atmosphere of dread and worry, popular sentiment in Armenia and the Diaspora struggles to reckon with the new reality on the ground, gauge future expectations and devise a new path forward.
God has the answer for all trouble. When the disciples panicked in the sinking ship and woke Jesus up to save them, He said “You of little faith, why are you so afraid?” and there was a great calm.
Historic Armenian land is home to an unalienable presence of Christian and national heritage. Most of the land is forcibly devoid of its indigenous population. The land might identify its history but only people identify the land. If Christian Armenia and Artsakh are to be saved and preserved they should by extensively and lovingly populated.
In the coming years, while the concerned and engaged political leadership strive to rebuild the nation state, we should all, with unmatched faith, determination and goodwill, fervently support and sustain the population, embrace the land, develop and flourish it, pursuing the happiness of its people.
While we continue to pursue justice, we should, without any impediment or unaffordable procrastination
Develop a strong, democratic and innovative Homeland.
Secure self-determination for Artsakh
Secure the safety and welfare of our endangered communities in the Near East.
Existential threats are hovering over our head and unless we heed the call of unity, alertness and added sacrifice, we run the serious risk of welcoming 1922 next year instead of 2022.
The wake up call is ringing.
Let us collectively heed the call.
Zaven Khanjian
April 24, 2021
Եղեռնի 106-ամեակ
Արթնութեան Ահազանգը
Այդպէս նախատեսուած չէր:
Հայոց Ցեղասպանութեան 106րդ ոգեկոչման համազգային տրամադրութիւնը պէտք էը շարունակուէր ընդլայնուած համաշխարհային ճանաչումի բերկրանքով եւ դանդաղ՝ բայց ամրակուռ ուղիով մը՝ դէպի ճանաչում, վերականգնում եւ հատուցում։
Փոխարէնը, աննախադէպ տառապանքի տարի մը դիմագրաւեցինք, որու մտաբերումը կը փշաքաղէ ամէն հայու հոգին երկրագունդի վրայ: Թագաժահրը, տագնապներու անդադրում օղակը Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, Օգոստոսեան ահաւոր պայթումը Պէյրութի մէջ, խայթող յուշեր են որոնց մղձաւանջը երկար պիտի հետապնդէ մեզ:
Արցախեան պատերազմի աղէտալի արդիւնքը սակայն յեղաշրջեց բոլորը: Ազգ մը ամբողջ կ’ողբայ հայրենիքի համար զոհուած իր հազարաւոր զաւակները, որու անկախութեան համար սերունդներ իրենց կեանքը զոհած էին անցեալին: Ազգ մը ամբողջ կ’ողբայ հազարաւոր սրտաբեկ մայրեր, հազիւ գարուն տեսնող որբեւայրի հարսեր որոնց տոհմածառերու սահմանաբակ աճը ապացոյցն են կացինահար ճիւղերու պատմութեան՝ զոհը նոյն ոճրագործին: Ազգ մը ամբողջ կ’ողբայ կորուստը հազարամեայ պապենական հողերու, որու վրայ ցանուած յուշարձաններու հոյլը՝ վկայութիւնն է անոր հարուստ քրիստոնէական ժառանգութեան:
Ազգային տրամադրութիւնը կարծես աւելի ներդաշնակ է 1921-ի, քան 2021-ի հետ:
Մռայլ, յուզիչ, ողբալի:
Բոլորս մեղաւոր ենք:
Մեղաւոր ենք, որովհետեւ մենք յղփացած յաղթանակներու տարփանքով ու չկրցանք խնամել եւ պահպանել մեր շահած օրհնութիւնները։
Մեզ դիմագրաւող մարտահրաւերները լերնակուտակ են, մինչ քաղաքական եւ պետական ղեկավարութիւն մը կը պայքարի ապագայի հուն մը ճեղքել անհամար անորոշութիւններու ընդմէջ:
Արդարօրէն պատասխաններ կը փնտռուին երեսուն տարուայ անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ դիւանագիտական անփառունակ ձախողութիւններու համար: Խոր ցաւի, վիշտի եւ լուրջ մտահոգութեան մթնոլորտի մը մէջ, ժողովրդային եւ հասարակական միտքը Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ կը ջանայ գիտակցիլ նոր իրավիճակի մը գոյութեան հետ, վերաչափել ապագայի ակնկալութիւնները եւ հունաւորել նոր ճանապարհ մը:
Աստուած ունի բոլոր դժուարութիւններու պատասխանը: Երբ աշակերտները տատանուող նաւուն վրայ սարսափած արթնցուցին Յիսուս զիրենք փրկելու համար, Ան ըսաւ «Թերահաւատներ, ինչո՞ւ այդպէս երկչոտ էք» Մատթէոս 8:26 «…ու մեծ հանդարտութիւն մը տիրեց:»
Պատմական Հայաստանի տարածքը հարազատ տուն է Քրիստոնէական եւ ազգային կոթողային հսկայ ժառանգութեան: Բայց հողը զուրկ է բռնութեամբ տեղահանուած եւ ոչնչացուած իր բնիկ ժողովուրդէն: Հողը անտարակոյս կը յուշէ տարածքին պատմութիւնը բայց ժողովուրդն է որ կը բնորոշէ անոր ինքնութիւնը: Եթէ Քրիստոնեայ Հայաստանն ու Արցախը պիտի փրկուին հարկ է խտացնել անոր վրայ բնակող ժողովուրդի շարքերը:
Յառաջիկայ տարիներուն մինչ պետութիւն եւ իշխանութիւն կը տքնին վերականգնել հայոց աշխարհն ու պետութիւնը, մենք հաւաքաբար պէտք է հաւատքով, վճռակամութեամբ եւ բարի կամեցողութեամբ սատարենք եւ օժանդակենք ժողովուրդի բարօրութեան, փարելով հողին, զարգացնելու եւ ծաղկեցնելու զայն՝ հետապնդելով ժողովուրդի երջանիկ ապրելու արդար իրաւունքը:
Մինչ կը շարունակենք հետապնդել ցեղասպանութեան արդարութիւնը, հարկ է առանց խոչընդոտի կամ հետաձգման
- զարգացնել ուժեղ, ժողովրդավարական և նորարարական Հայրենիք մը:
- ապահովել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:
- ապահովել Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներու անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը
Լինել թէ չլինելու սպառնալիքները կը դիմագրաւեն մեզ, եւ եթէ չանսանք միասնութեան, զգոնութեան եւ անանձնական զոհաբերութեան կոչին, լուրջ կերպով վտանգուած պիտի ըլլանք գալ տարի 1922-ը դիմաւորելու փոխանակ 2022-ի:
Արթնութեան ահազանգը կը հնչէ։
Եկէք միասնաբար անսանք այդ կոչին։
Զաւէն Խանճեան
Ապրիլ 24, 2021