
AMAA Executive Director/CEO Zaven Khanjian’s message at Rev. Dr. Vahan H. Tootikian’s Testimonial Banquet

AMAA Executive Director/CEO Zaven Khanjian’s message at the Testimonial Banquet Honoring Rev. Dr. Vahan H. Tootikian on his 60th Anniversary of Christian Ministry
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի պատգամը Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի Հովուական եւ Հանրային Ծառայութեան 60-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Յոբելինական Ճաշկերոյթին
Վերապատուելի Վահան Թութիկեան,
Սիրելի Բարեկամներ,
Ցնծալի պահ մը կ’ապրինք արդարեւ: Ուրախ եւ ցնծալի:
Հաւաքուած ենք պատիւ ընծայելու իր կեանքը «Տիրոջը այգիին» մէջ ծառայելու նուիրած անձի մը ծառայութեան վաթսունամեայ յոբելեանին: Ծառայութիւն մը՝ որ չէ սահմանափակուած բեմերու վրայ հրամցուած քարոզներու եւ կամ վանականներու հոլովոյթով մեկուսացած կեանքի մը ծիրին մէջ:
Այսօր հաւաքուած ենք գեղերգելու Յակոբոս Առաքեալի նման գործի, աշխատանքի, ծառայութեան եւ արտադրելու նուիրուած կեանք, որ կը հաւատայ թէ «ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է»:
Վերապատուելիին արգասիքին նուիրուած նախորդ գրախօսական մը կրկնելու գինով, արդար է աղաղակել թէ ժամանակակից Հայ Աւետարանական եւ այլոց ծառայողներու փաղանգին մէջ ստուար է թիւը այն հոգեւոր գործիչներուն, որոնք իրենց հովուական ասպարէզի կողքին, մշակած ըլլան գիր ու գրականութիւն, եւ սպիտակ թուղթին յանձնած ըլլան միտք ու կարծիք, բան ու բանիւ, գիր եւ դպրութիւն, յուշ եւ պատմութիւն:
Արդարեւ ակնարկ մը Վերապատուելի Թութիկեանի արտադութեան հունձքի ցանկին, ցոյց կուտայ թէ վերջին քառասուն տարիներու ընթացքին Վերապատուելին միջին հաշուով հրատարակած է տարին աւելի քան մէկ գիրք որուն վերջինը նուիրուած է վաթսուն տարիներու վրայ երկարած ծառայութեան եւ արտադրութեան մը ցոլացումին՝ ինչպէս նաեւ մտքի եւ հոգիի նոր ցոլքերու փայլատակման:
Վերապատուելի Թութիկեանի հրապարագրական յուռթի արտադրութիւնը բեղմնաւոր եւ արգասաբեր գրադարան մը հարստացնելու օրհնութիւնն է: Գրադարան մը՝ որ ընթերցումի հաճոյքէն եւ ընկալումէն ետք կը շարունակէ ծառայել որպէս կեանքի փորձութիւններու, մարդակային արժէքներու, եկեղեցական պատմութեան, Աւետարանական Շարժումի ստեղծման եւ հոլովոյթին, Հայ Եկեղեցւոյ Տօնացոյցին, ազգային պատկանելիութեան, Նոր եւ Հին Կտակարաններու սերտողութեան եւ տակաւին բազմազան նիւթերու շտեմարան եւ համայնագիտարան:
Պատմութեան, մամուլի, Աստուածաբանութեան, հոգեւոր եւ աշխարհային կեանքի, ազգային եւ զոյգ հայրենիքներու հանդէպ հաւատարմութեան եւ տակաւին այլազան նիւթերու շուրջ թուղթ մրոտելու լուսարձակումներէն անդին, Վերապատուելին իր վաթսունամեայ ծառայութեան տարիները յատկացուցած է նաեւ ղեկավարութեան եւ առաջնորդութեան մակարդակով, նաւավարելով Հիւսիսային Ամերիկային Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը, Աւետարանչականը, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը եւ այլ շրջանային Միջ-Եկեղեցեկան եւ Համազգային կառոյցներ, ձեռնարկներ, ոգեկոչումներ, յոբելեաններ եւ համագումարներ:
Վերապատուելի Թութիկեանի անձին, ծառայութեան եւ արտադրութեան մասին մտածելու մէկնակէտին իսկ, զիս առաջնորդեց մանկութեան, աւելի ճիշդ նախակրթարանի գրասեղաններու վրայ որպէս ոսկէ ապարանջան սորուած հետեւեալ քառեակը:
ԿԱՄՔ, ԱՇԽԱՏԱՆՔ ԵՒ ԿՈՐՈՎ
ԵՐԵՔ ՁԻՐՔԵՐ ԵՆ ՈՐՈՎ
ՄԱՐԴ ԾՈՎՈՒ ՎՐԱՅ ԹԷ ԳԵՏՆԻ
ԱՆՊԱՅՄԱՆ ԿԸ ՅԱՋՈՂԻ
Վերապատուելի Թութիկեան իր կեանքով, կենցաղով, եւ արդիւնաբերութեամբ կատարելապէս կը մարմնացնէ վերոյիշեալ երեք ձիրքերը:
Անոր ԿԱՄՔը կը հպատակի իր ամռակուր համոզումներուն, որոնք հիմնուած են նախ Աստուծոյ Խօսքին եւ ապա անկէ բխած մարդկութեան հանդէպ իր տածած սիրոյն: Վերապատուելին իր որոշումներու ծիրին մէջ կը հիմնուի խորունկ խորհրդածութիւններու վրայ որոնց արդիւնքն է ծանծաղութենէ հեռու եւ հաստատ կամքի վրայ հիմնուած դիրք կամ որոշում:
Վերապատուելի Թութիկեանի ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ կարգապահութիւնը եզակի է եւ ներգործիչ: Անոր քունի եւ ֆիզիքական հանգստութեան ժամերը խտացուած են գիշերային չորս ժամերու եւ ցերեկային կարճ հանգիստի մը վրայ: Մնացեալը մեղուաջան աշխատանք է եւ արդիւնաբեր եւ իմաստալից արտադրութիւն:
Եւ վերջապէս ԿԱՄՔն ու ԱՇԽԱՏԱՆՔը տրամադրութիւններ են որոնք անկասկած կարօտ են շարժակի ուժի եւ քաջութեան: Եւ ահա հոս է որ անհրաժեշտ է մտային եւ ֆիզիքական ԿՈՐՈՎի ուժը, կարողականութիւնը եւ կատարելագործելու քաջութիւնը, զոր կ’արժեւորէ ԿԱՄՔի վրայ հաստատուած արդիւնաբերելու ԱՇԽԱՏԱՆՔը:
Ահա Աստուածային կոչումի կողքին Վերապատուելի Թութիկեանի գոհար ձիրքերը որոնց բոլորին գումարը հանդիսացող Աստուածամերձ Քեսապի ծնունդ Աստուծոյ ծառային Վաթսունամեայ ծառայութեան վաստակին առջեւ այսօր սիրով, յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ կու գանք խոնարհիլ:
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան անունով կը գնահատեմ եւ կը շնորհաւորեմ Վերապատուելի Թութիկեանի տարիներու ընթացքին թուղթին եւ կեանքի ալիքներու յանձնուած բազմածաւալ հրատարակութիւններու, խոնարհ ծառայութեան եւ Աստուածահաճոյ կոչումի մը արգասիքը հանդիսացող կեանքը:
Վարձքդ կատար պատուելի:
Զաւէն խանճեան
Մարտ 17, 2019