175 Տարիներու Աւանդը

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Հայատանեայց Աւետարանական եկեղեցիին նպատակը հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ զարգացնել եւ ամրապնդել էր հոգեւոր եւ մտաւոր արժէքներ, որոնց հիմքը Աստուածաշունչի պատգամին ընկալումն էր իւրաքանչիւր հայու համար։ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիին այս առաքելութիւնը եթէ մէկ կողմէ իրագործեց եկեղեցական իմաստով բայց նոյքնան նաեւ կրթական, ընկերային, եւ մշակութային բնագաւառներէն ներս։ Պատմական Հայաստանէն, Կիլիկիայէն, արեւելեան Հայաստան, Արցախ, եւ այսօր սփիւռքի շատ մը երկիրներու մէջ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին մնաց հաւատարիմ իր այս կոչումին ու առաքելութեան՝ սատարելով հայ ժողովուրդին հոգեմտաւոր զարգացումին։

Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին չի հաւատաց ու մինչեւ այսօր թիւի ուժին։ Անոր առաքելութիւնը հայ մարդուն հոգեւոր ուժը զարգացնելու համար է, որ պիտի սատարէ հայ ժողովուրդին կեանքի շարունակականութեան։ Հոգեւոր ուժն է, որ կը կերտէ կեանք։ Պատմութիւնը կը կերտուի եթէ թիւով բայց շատ աւելի հոգեմտաւոր կարողականութեամբ եւ զօրութեամբ։ Այս իմաստով, հայ ժողովուրդին կեանքին վերջին 175 տարիներու ժամանակահատուածին մէջ, Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին ունեցաւ իր կարեւոր ներդրումը հայապահպանումի եւ ազգապահպանումի կեանքի պատմութիւնը դնելով շարունակական գործընթացքի մէջ։ Եթէ պատմութիւնը իր անցեալով բայց նոյնքան այսօր ու ապագայի տեսլականով։

Յարգանքի եւ երախտագիտական խօսք Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիի հիմնադիր քառասուն անդամներուն։ Բայց նոյնքան նաեւ անոր պատմութիւնը կերտած եւ մինչեւ այսօր իւրաքանչիւր եկեղեցական ու աշխարհական միտքին, որոնք ոչ մէկ ճիգ չի խնայեցին հայուն հոգեւոր արժէքները ու անոնց գնահատումը վառ պահելու համար։

Շնորհաւոր 175 ամեակ եւ բարի երթ նոր ամեակներու։ Նոր ամեակներ բայց մէկ կարեւոր տեսլական։ Քրիստոսի, Եկեղեցիին ու հայ ժողովուրդին հոգեմտաւոր ու ազգային արժէքներու ամրապնդման ի խնդիր։

Այս Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիին 175 տարիներու աւանդն է, որ պիտի  շարունակուի։

  Add impact to your inbox. Join our mailing list and see our work in action: Sign Up