175th Anniversary of AEC

Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի հիմնադրութեան յիշատակումը պատեհ առիթ մըն է վերյիշելու անցեալի իրագործումները եւ արժեւորելու ներկան :

Արժէքները գնահատելն ու քննադատելը կը կազմէ ընկերութեան մը յառաջընթաց կորիզը, որ կը պահանջէ նորարար ըմբռնում եւ  գիտակցութիւն:

Հայ Աւետարանական Եկեղեցին անցեալէն այսօր կը գործէ հաւատքովը նոր կեանքին, որ կը նորոգուի Քրիստոսով, կ’արդարանայ հաւատարմութեամբ եւ Աստուածաշունչի հեղինակութեամբ:

Այսօր, Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիի 175-ամեակի յոբելինականին ուրախ եւ բարեբաստիկ առիթին մէջ, հիմնական  հարցումը, որ մեր ներկայ մտածումը, աշխատելաոճը եւ ռազմավարութիւնը կը կազմէ՝ կու գայ ըսելու  թէ տակաւին առկա՞յ է բարեկարգութիւնը մեր կեանքին մէջ:

Տեսլականի տէր քառասուն անհատներու գծած շաւիղը այսօրուան ներկայ պայմաններուն եւ մարտահրաւէրներուն որքանո՞վ յարիր է: Հարցադրում մը, որ մեզ կը հրաւիրէ խորհրդածութեան, միախմբուելու եւ համախոհութեան եզրեր գտնելու՝ դէպի մեր ժողովուրդը միացնող  ազդակները:

Բարեկարգութիւնը եկաւ վանելու խաւարամտութիւնը, յետադիմական քաղաքականութիւնը, Աստուծոյ խօսքին նկատմամբ անտարբերութիւնը եւ կենցաղային այլախոհ արժէքներու առկայութիւնը: 175 տարի վերջ, այսօր, այս ազդակները բարեխառնուեցան նուիրական ծառայութեամբ եւ յառաջընթաց գործընթացով, սակայն եթէ յիշուած բացթողումները տակաւին առկայ են համատարած հայութեան բազմաշերտ զանգուածներուն մէջ,  ուրեմն բարեկարգութիւնը կը մնայ անհրաժեշտութիւն  ու պահանջք: ինչպիսի՞ բարեկարգութիւն եւ ներդրում պիտի բերէ եկեղեցին: Ո՞վ պիտի ըլլայ բարեկարգութիւնը նախաձեռնողը եւ որո՞նք պիտի բարեկարգուին:

Բարեկարգութիւնը ժամանակակից ըլլալու յարատեւ գործընթաց է կարելի չէ անտեսել ժամանակին պահանջները, որովհետեւ ժամանակը ամենազօր ոյժն է, որ կը սղոցէ անհարկի եւ անտրամաբանական դիմադրութիւնները եւ հեղեղի նման կը քանդէ ու կը տապալէ ամէն ինչ որ արգելք կ՛ըլլայ ժամանակի պահանջներու իրագործման Բարեկարգութեան ընթացքին համար ձայներ եւ կոչեր բարձրացնելու փոխարէն՝ դիմագրաւուած իրատեսական մարտահրաւէրները լուսարձակի տակ առնելով, Հայ Աւետարանական եկեղեցին կ’որդեգրէ ապագայի նկատմամբ տեսլական մը, միշտ իր կողքին ունենալով Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, որ նեցուկ է անոր յառաջդիմութեան եւ վերելքին:

Եկեղեցին սոսկ կառոյց ու հովիւներ չէ, այլ ժողովո՛ւրդն է: Շարունակաբար հայ ժողովուրդը բարեկարգութենէն անդի՛ն պէտք է առաջնորդել՝ դէպի վերանորոգում, որ աւելի համապարփակ գործընթաց մըն է: 

Հոն ուր չկայ շարժում, չկայ նաեւ եղափոխութիւն, յառաջդիմութիւն, եւ հետեւաբար՝ կայ միայն քարացած մտայնութիւն, որ 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց չի կրնար որեւէ լուծում առաջարկել  եւ դատապարտուած է ամլութեան։

Ուրեմն, ո՞վ պիտի բարեկարգէ այն եկեղեցին, որ հաւատաց բարեկարգութեան 1846 թուականէն սկսեալ:

Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին կոչուած է հաւատարիմ մնալու իր  արմատներուն,  անցեալին, նախնիներու նուիրական կտակին: Այդ հաւատարմութիւնը  գործնապէս իր թարգմանը կը գտնէ մեր Եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան դաշտէն ներս. վկայ՝ Հայ Աւետարանական Շարժումի մեկնարկին կատարած յայտարարութիւնը:

Հետեւաբար, եկեղեցին կարիքը ունի երկու հիմնական առաջադրանքներու, որոնք պէտք է մեր մտածումներուն եւ մեր աշխատանքներուն մեկնակէտը, հիմքը, հունաւորումը եւ նպատակը դառնան:

Առաջին՝ եկեղեցին կեանքի ոլորտներուն մէջ աշխարհի նկատմամբ անկախ եւ մաքուր խիղճ ունենալու հայեացքը  աւելորդապաշտութիւն սեպող անհատները անգամ մը եւս  հրաւիրէ բարեկարգուելու, վերադառնալով նախնական պարզութեան՝ եկեղեցին ժողովուրդին ամբողջական ծառայութեան մէջ դնելով: Եկեղեցին առաքելութիւն մըն է, որ պէտք է ուղղուի դէպի մեր ժողովուրդը, եւ Եկեղեցին մեր ժողովուրդին տանողը անոր սպասաւորներն են: Եկեղեցին՝ իբրեւ Քրիստոսի խորհրդական մարմինը, հարկ է տանիլ ժողովուրդին: Քրիստոս պիտի խօսի մեր Եկեղեցւոյ ճամբով՝ մեր  ժողովուրդի կեանքին մէջ. մենք չէ որ պիտի խօսինք, այլ պիտի խօսեցնենք մեր կեանքի վարքագիծով, մեր խօսքով, մեր օրինակով, մեր ծառայութեամբ: Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի բերած նպաստները հայ ժողովուրդի կեանքին՝ ընկերային, հոգեւոր, կրթական եւ այլ ոլորտներու մէջ, բացին դէպի ժողովուրդը ուղղուող շաւիղը, որուն շարունակականութիւնն ու մերօրեայ ժամանակներուն յարմարեցումը մեր գրաւականն ու հրամայականն է:

Երկրորդ` ինչպէ՞ս կարելի է Հայ Աւետարանական Եկեղեցին առնչել ներկայ աշխարհին: Ի՞նչ ազդու դեր պիտի ունենայ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին սփիւռքի եւ հայրենի հողին վրայ, երբ հայ դպրոցը, հայ լեզուն, հայ հաւատքը, հայու հոգին, հայ երգը եւ շարք մը հայկական ինքնութեան արժէքներ ամէն օր նահանջ կ’արձանագրեն: Ո՞վ պիտի պաշտպանէ, վեր հանէ եւ իր արժանի տեղը հասցնէ զանոնք: Հայ Աւետարանական Եկեղեցին ինչպէ՞ս պիտի կարենայ ներթափանցել այս տիրող իրականութիւններուն  մէջ եւ բարեկարգութիւն յառաջացնել:

Ո՞վ է բարեկարգուողը եւ ի՞նչ պայմաններ կը դիմա-գրաւէ: Այս առնչութեամբ բարեկարգուողը ենթակայ է համաշխարհայնացման յորձանուտին մէջ կորսուելու: Իսկ համաշխարհայնացումը ի՞նչ է եւ ի՞նչ դեր ունի.սահմանները քանդուած են այսօր, մենք կ’ապրինք նոյն աշխարհին մէջ, շրջապատուած ենք տարբեր մշակոյթներով, տարբեր մտածողութիւններով. այս է համաշխարհայնացումը:

Բարեկարգուողը մեր համատարած հայկական իրականութի՛ւնն է, որ համաշխարհայնացումի  ալիքին դէմ թիավարելով՝ ազգային, կրօնական, մշակութային եւ աշխարհագրական սահմանները անցնելով, նոր նկրտումներ ձեռք կը բերէ:

Եկեղեցիին ներգրաւուածութիւնը այս ոլորտներուն մէջ կը նպաստէ հոգեւոր վերականգնումի, աճի եւ յառաջընթացի: Կրթական հաստատութիւնները եւս իրենց ներդրումը կը բերեն հոգեմտաւոր աճին:

Վերոնշեալները մտահոգութիւններ են, որոնք պէտք է մղեն մեզ մտածելու եւ գործելու այնպէս մը, որ մեր Եկեղեցին այսօր միայն անկիւն մը մնացած աղօթավայր մը  չդառնայ մեր ժողովուրդին զաւակներուն համար, այլ իրապէս վերածուի մեր ժողովուրդը կենսանորոգող, հոգեմտաւոր արժէքներով պայծառացնող եւ հարստացնող հաւատքի առաքելութիւն:

Հարկ է քայլ պահել 21-րդ դարու փոփոխութիւններուն հետ՝ հիմնուելով Աստուածշունչին եւ մեր եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն ու արժէքներուն վրայ, հայ եկեղեցւոյ  Աստուածաբանութիւնը դարձնելով ներկայ դարուս աւելի համահունչ:

Հայ Աւետարանական Եկեղեցին հրաւիրուած է այս հիմնախնդիրներուն դուռը թակելու, քննելու եւ լուծումներ առաջադրելու՝ բարեկարգութեան էականութիւնը արդար իրաւունք սեպելով: Բարեկարգումը պիտի օգնէ որ հաւա-տարմութեան որակի բարձրացումը աղերս ունենայ մեր ազգային ու հոգեւոր դաստիարակութեան կորիզային բովանդակութեան հետ: Եթէ խօսքը կը վերաբերի հայ լեզուի եւ  հաւատքի անտարբերութեան, ասոնք պէտք է մեր ռազմավարութեան մէջ մտնեն, որպէսզի սերունդներ դաստիարակուին անտարբերութեան ախտի հեռացման նիւթով եւ զարկ տան պատկանելիութեան դրսեւորումին:

Եկեղեցին  բարեկարգութեան ուղին ինքզինքին  վերա-պահելով եւ  համապատասխան քայլերու նախաձեռնելով նշոյլներ պիտի արձակէ եւ բարեկարգութեան մեկնարկը յայտարարէ, ինչպէս 175 տարի առաջ, նոյնպէս այսօր՝ հայ մարդու մտածողութեան եւ աշխարհայեացքին մէջ:

Աւետարանական շարժումին հոգեւոր-կրօնական շարժում մը ըլլալը պէտք չէ բաւարար սեպենք, այլ պէտք է իմանանք խոր համոզումով որ ատիկա արդիւնք է հոգեւոր վերազարթնումի: Ատիկա իսկական յարաբերութեան արտացոլում մըն է Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ:

175 տարի առաջ, ա՛յս էր որ կը պատահէր հայ իրակա-նութեան մէջ: Տարիներու թաւալումը բարեկարգութեան բերած խորքէն ոչ մէկ բան կորսնցուց: Այդ խորքը կը վայելէ նոյն հեղինակութիւնն ու կարեւորութիւնը:

Հակառակ Հայ Աւետարանական եկեղեցիին տարածումին եւ ընդլայնումին, մեր հիմնակէտը կը մնայ Աւետարանի տարածումը, հայ անհատի հոգեմտաւոր զարթնումը  եւ հայ ժողովուրդի բարօրութիւնը:

 Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին  ջատագովն ու ռահվիրան է բարեկարգութեան` ստանձնելով իրեն  վստահուած առաքելութիւնը,  գլխաւոր նպատակ ունենալով բարոյական արժէքներէ պարպուած աշխարհի մէջ կորուսեալ արժէքները վերականգնել  եւ շարունակել  գործել ի խնդիր  ընկերային, եկեղեցական հասարակական ու ազգային  գործունէութեան ծաւալումի:

Ապրելու եւ գործելու ենք որպէս եկեղեցւոյ մշակը, որ ինքնին կը յուշէ յարատեւ բարեկարգութեան մը ընթացքը:

Բարեկարգումը կը պահանջէ հետեւողական աշխատանք ու լայնամիտ մասնակցութիւն, հեռու կարծրատիպ մօտեցումներէ:

Շնորհաւո՛ր տօնդ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցի, անխախտ հաւատքով դէպի նորանոր ամեակներ: