
AMAA’s 101st Annual Meeting

AMAA Holds 101st Annual Meeting Via Zoom
Due to the ongoing COVID-19 pandemic, the Armenian Missionary Association of America (AMAA) held its 101st Annual Meeting virtually via Zoom on Saturday, October 24, 2020. The meeting started at 8 am PT (11 am ET) with the participation of about 100 pastors, AMAA members and friends from Artsakh, Armenia, the Middle East, Europe, Australia and North and South Americas. AMAA President Nazareth E. Darakjian, M.D. presided over the meeting.
The meeting started with a prayer and devotional offered by Rev. Dr. Vahan H. Tootikian, Executive Director of the Armenian Evangelical World Council, followed by a moment of silence honoring the heroes martyred in defense of the Homeland.
During the Annual Meeting, AMAA Officers, Directors, Committee Chairs, as well as representatives of Armenian Evangelical Unions, Armenian Evangelical World Council and affiliated organizations presented their annual reports and shared their joys and concerns.
The general membership of the AMAA elected the following to the Board of Directors Class of 2023 for a term of three years: Edward Avedisian, Susan Adamian Covo, Nazareth E. Darakjian, M.D., Karl Doghramji, M.D., Berjouhy Gulesserian, Thomas Momjian, Esq., Jack Muncherian, Alan Philibosian, Esq. and Gary Phillips, Esq.
The AMAA’s 101st Annual meeting concluded with a prayer offered by Rev. Haroutune Selimian, President of the Armenian Evangelical Community of Syria.
“Today, as we come face to face with those whose generosity, love of God and man is mirrored through the mission of the AMAA, we remain cognizant of management’s uncompromising sense of responsibility, total attentiveness to the mission, prudent management of funds, stringent accountability, unblemished reputation and total commitment to transparency. AMAA asserts its total commitment and support of the right of the people of Artsakh in their established self-determination and will fervently continue to sustain its independence and the welfare of its people,” said Zaven Khanjian, AMAA Executive Director/CEO.
In conjunction with the AMAA Annual Meeting, the AMAA held its Board meeting virtually on Friday, October 23.
The AMAA was not able to hold the traditional Worship Service and installation of newly elected Board members in person on Sunday, October 25 at the Pilgrim Armenian Congregational Church of Fresno as planned. However, the Pilgrim Church dedicated its Sunday Morning Worship Service to the AMAA’s Annual Meeting at which time the newly elected Board members were installed virtually with a prayer offered by Rev. Tootikian. Rev. Nerses Balabanian, the Senior Pastor of the Pilgrim Church also offered a special prayer in memory of all those who were martyred in defense of our Homeland and in memory of pastors and laypersons active in the support of the AMAA who made the transition from this life to Life Eternal during the past fiscal year.
“Let us put our trust in the Lord and continue with the hope that He will restore our world and save us from disasters, just as He has done so many times before,” said Dr. Nazareth Darakjian, AMAA President.
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 101րդ Տարեկան Համաժողովը Տեղի Կ՚ունենայ Առցանց
COVID-19 Գահաժահրի շարունակուող համաճարակին պատճառով, այս տարի Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը իր 101րդ Տարեկան Համաժողովը վարեց առցանց՝ Շաբաթ Հոկտեմբեր 24, 2020-ին։ Համաժողովին մասնակցեցան աւելի քան 100 պատգամաւորներ՝ Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի եւ Ընկերակցութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ եւ շրջաններէ՝ Արցախ, Հայաստան, Մերձաւոր Արեւելք, Եւրոպա, Աւստրալիա եւ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկա՝ հովիւներ, Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Համաժողովը սկսաւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէն՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի աղօթքով, որուն յաջորդեց լռութեան պահ մը, յարգելու յիշատակը Հայրենիքի համար նահատակուած մեր հերոսներուն։
Համաժողովի ընթացքին Աւետարանչականի գլխաւոր տնօրէնները, ինչպէս նաեւ յանձնախումբերու Ատենապետներ, եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ներկայացուցին իրենց տարեկան տեղեկագիրները, եւ ներկաներուն հետ կիսեցին իրենց ուրախութիւններն ու մտահոգութիւնները։
Տարեկան Համաժողովի աւարտին կարդացուեցան անունները ԱՀԱԸ-ի Վարչութեան նորընտիր անդամներուն, որոնք ընտրուած էին երեք տարուան ծառայութեան համար փոխարինելու իրենց ծառայութեան շրջանը աւարտած անդամները.- Եդուարդ Աւետիսեան, Սուզան Ադամեան Գովօ, Տօքթ. Նազարէթ Է. Տարագճեան, Տօքթ. Գարլ Տօղրամճի, Պերճուհի Կիւլէսէրեան, Իրաւաբան Թովմաս Մոմճեան, Ճէք Մընչէրեան եւ իրաւաբաններ Էլըն Փիլիպոսեան եւ Կէրի Ֆիլիփս։
Համաժողովի փակման աղօթքը մատուց Վեր. Յարութիւն Սելիմեան՝ Նախագահը Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի։
«Այսօր, երբ դէմ առ դէմ կը կանգնինք անոնց հետ, որոնց առատաձեռնութիւնը, Աստուծոյ եւ մարդկութեան հանդէպ իրենց ունեցած սէրը կ՚արտացոլայ Աւետարանչականի առաքելութեան միջոցով, մենք կը մնանք անզիջող մեր պատասխանատուութիւններու, զգոնութեան եւ առաքելութեան նկատմամբ՝ լիակատար ուշադիր եւ խոհեմ կառավարումին, խստապահանջ հաշուետուութեան, ինչպէս նաեւ անարատ վարկի եւ թափանցիկութեան հանդէպ լիակատար նուիրուածութեան։ Աւետարանչականը անկոտրում կամքով եւ լիակատար նուիրուածութեամբ կ’աջակցի Արցախի մեր հայրենակիցներու իրաւունքին՝ իրենց ճակատագրի ինքնորոշման գործընթացքին մէջ, ջերմօրէն շարունակելով պահպանել Արցախի անկախութիւնն եւ բարեկեցութիւնը,» ըսաւ Զաւէն Խանճեան՝ Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէնը։
ԱՀԱԸ-ի տարեկան Համաժողովին առընթեր, Հոկտեմբեր 23-ին տեղի ունեցաւ նաեւ Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի նիստը։
Այս տարի Աւետարանչականը չկարողացաւ ունենալ իր տարեկան Համաժողովի Պաշտամունքը, որ ըստ ծրագրի տեղի պիտի ունենար Կիրակի, Հոկտեմբեր 25-ին, Ֆրէզնոյի Հայ Պանդխտաց Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ։ Այսուհանդերձ, Պանդխտաց Եկեղեցին իր Կիրակի օրուայ Պաշտամունքը նուիրեց Աւետարանչականին, որու ընթացքին Վեր. Թութիկեան կատարեց Ընկերակցութեան նորընտիր անդամներու պաշտօնակոչութեան արարողութիւնը առցանց։ Պաշտամունքի Ընթացքին՝ Պանդխտաց Եկեղեցիի Աւագ Հովիւ՝ Վեր. Ներսէս Պալապանեան յատուկ աղօթք մատուց յիշելով Հայրենիքի համար զոհուած մեր հերոսները, ինչպէս նաեւ այն բոլոր Աւետարանչականի անդամները որոնք անցնող տարեշրջանին այս կեանքէն անցան յաւիտենականութեան։
«Մեր յոյսը դնենք Տէրոջ վրայ եւ շարունակենք այն յոյսով որ Ան պիտի վերահաստատէ մեր աշխարհը եւ փրկէ մեզ աղէտներէ, ինչպէս Ան ըրած է միշտ, ասկէ առաջ,» ըսաւ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան՝ Աւետարանչականի Նախագահը։