Աւետարանչականի 103-րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթը

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 103-րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթը՝ Մեծ Տօնախմբութիւն

Ֆլորենս Աւագեան

Աճի եւ հսկայ նուաճումներու դար մը ապրիլը բացառիկ իրադարձութիւն է՝ բայց հարիւր աստիճանի նշագիծը գերազանցելը արդէն ուշագրաւ յաղթանակ է։ Շաբաթ օր՝ Հոկտեմբեր 22-ի երեկոյեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կազմակերպեց իր 103-րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթը, որուն ներկայ էին աւելի քան 225 հիւրեր աշխարհի տարբեր կողմերէն։

«Հզօրացնել Աւետարանչականի Համաշխարհային Առաքելութիւնը» բնաբանը կրող բարեյաջող միջոցարումին, այս Ընկերակցութիւնը որ կը ծառայէ որպէս միջազգային Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու միսիոնարական թեւը եւ կը գործէ 24 երկիրներու մէջ, պատուեց երեք երկիրներու իր գործակից ընկերակցութիւնները՝ Գանատա, Աւստրալիա եւ Ֆրանսա։

Ներկայացնելով Ընկերակցութիւնը, որ կը խթանէ կրթութիւն, եկեղեցիներ, մարդասիրական եւ երիտասարդական ծրագիրներ ու ճամբարներ աշխարհասփիւռ հայերուն՝ ճաշկերոյթի սեղանները խորհրդանշական կերպով զարդարուած էին աշնանային ծաղիկներով եւ երկրագունդով։

Աւետարանչականի երկարամեայ անդամներ եւ գործօն ծառայողներ Վահրամ եւ Լուսիէն Այնիլեաններ ջերմօրէն բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն՝ անգլերէն, հայերէն եւ Ֆրանսերէն լեզուներով։ «Մենք կանգնած ենք մեր քաջարի ժողովուրդին եւ հերոսական պատմութեան ուսերուն» ըսին անոնք բուռն ծափահարութիւններու ներքեւ։

Ճաշկերոյթի համանախագահներ Վահրամ եւ Լուսիէն Այնիլեան

Վեր. ՃոզէՖ Կարապետեան՝ Հովիւը Փարամուսի (Նիւ Ճըրզի) Հայ Երիցական Եկեղեցիին, ուր շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Աւետարանչականի 103-րդ տարեժողովը, մատուց բացման աղօթքը, որուն յաջորդեց Ամերիկայի եւ Հայաստանի ազգային օրհներգները՝ կատարողութեամբ Անի ՃիրՃիրեանի։

Փոխանցելով Աւետարանչականի Նախագահ Նազարէթ Տարագճեանի ուղերձը՝ Զաւէն Խանճեան՝ Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէնը յիշեցուց ներկաներուն որ «մեր վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի մէջ հինգ տարի առաջ՝ Համաճարակի եւ այլ դժուարութիւններու պատճառով, որոնցմով ազդուած էին Աւետարանչականը, Հայաստանը, Արցախը, Լիբանանը եւ Սուրիան»։ «Այս ընթացքին, Աւետարանչականը օգնած է զոհուած եւ հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն՝ հոգեւոր եւ մարդասիրական աջակցութեամբ, ինչպէս ատենին օգնած էր Հայաստանի երկրաշարժի բազմաթիւ զոհերուն եւ անոր որպէս արդիւնք բազմաթիւ որբերու» ընդգծեց ան։

Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան

Աւետարանչականը «միշտ պիտի օգնէ եւ վերակառուցէ։ Եթէ միասնական ըլլանք, միշտ յաջողութեան կը հասնինք» ըսաւ Պր. Խանճեան բիւր ծափահարութիւններու ներքեւ։

Յատուկ հիւրերու շարքին էին Հայոց Առաջնորդարանի Արեւելեան թեմի Առաջնորդական փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Սահակ Եմիշեանը, ԹուՖէնքեան Հիմնադրամի ներկայացուցիչ Դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեանը, ՄԱԿ-ի Հայաստանի Դեսպան Մհեր Մարգարեանը եւ ԱՄՆ-ի Հայաստանի Դեսպան Լիլիթ Մակունցը, որ հակիրճ ելոյթով անդրադարձաւ Աւետարանչականի օրինակելի դերին Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի առաջընթացին, անցնող չորս տարիներու ընթացքին։

ԱՄՆ-ի Հայաստանի Դեսպան Լիլիթ Մակունց

Ներկայ էին նաեւ Հայ հանրային գործիչներ Յակոբ եւ Իքա Գույումճեանները, Թէքէյեանի պաշտօնատար Յակոբ Վարդիվարեանը եւ վարչական Պարգեւ Գալայճեանը, AAHPO-ի Նախագահ Տօքթ. եւ Տիկին Լորենս Նաճարեանները, անդամներ՝ Շողակ Յովհաննէսեանի եւ Սեդա Նալպանտեանի հետ միատեղ, Նիւ Ճըրզիի «Հայկական Ռատիօ Ժամի» Տնօրէն Վարդան եւ Ատրինէ Ապտօները՝ անդամներ Սեդա, Արեն եւ Տիրան Ճէպէճեաններու հետ միատեղ՝ վերջինը որ նաեւ լուսանկարեց միջոցառումը։

Ճոխ ընթրիքէն ետք, Աւետարանչականի Գանատական, Աւստրալիական եւ Ֆրանսական գործընկերներու ներկայացուցիչները հերթով բեմ բարձրացան՝ մանրամասնելով իրենց կազմակերպութիւններու աճն ու արժանիքները՝ տեսանիւթերով եւ իրենց ղեկավարներու ելոյթներով, որոնք խօսեցան իրենց աշխոյժ գործունէութիւններուն մասին։

AMAA Գանատա (AMAC)
Միհրան Ճիզմէճեան՝ Գանատայի Աւետարանչականի նախկին նախագահ եւ ներկայի ատենապետ՝ խօսեցաւ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ծնունդին մասին՝ 1984-ին՝ խումբ մը նուիրեալ հիմնադիրներու հետ, ներառեալ Վերապատուելիներ Աբրահամ Ճիզմէճեանը, Արտաշէս Գերպապեանը, Յովհաննէս Ակներեանը, Եսայի Սարմազեանը եւ Ժիրայր Պզտիկեանը, ինչպէս նաեւ Ալիս Մարանճեանը, Սոնա Մաթոսեանը, Տօքթ. Ճորճ Աճեմեանը, Անտոն Թորունեանը, Գարեգին Սաղըրեանը, Բաբկեն Թունթայեանը, Յակոբ Պասմաճեանը, Սուրէն Հաճեանը, Սարգիս Հանէնեանը, Միհրան Ճիզմէճեանը, Անդիպաս Լուսարեանը, Բիւզանդ Տանայեանը եւ Յակոբ Քահքէճեանը։

 Ձախէն աջ։ Տէր եւ Տիկին Միհրան եւ Վարդուհի Ճիզմէճեան եւ Զաւէն Խանճեան

Գանատայի չորս Հայ Աւետարանական Եկեղեցիները՝ Թորոնթօ, Քէյմպրիճ եւ երկու Մոնթրէալի մէջ, հիմնեցին Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէններ Վեր. Դոկտ. Կիրակոս Չօփուրեանի եւ Վեր. Դոկտ. Մովսէս Ճանպազեանի հետ երկարատեւ քննարկումներէ ետք՝ 1984-ին։ Միհրան Ճիզմէճեանը, իր տիկնոջ Վարդուհիի հետ 40 տարիներ ծառայեց որպէս Նախագահ, Ատենապետ եւ Գործադիր Տնօրէն Գանատայի մասնաճիւղին։

Գանատայի Աւետարանչականի շարունակական ծրագիրները կը ներառեն մանուկներու հովանաւորութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի մէջ, օգնութեան ծրագիրներ Արցախի եւ Լիբանանի մէջ, Անճարի Հայ Աւետարանական դպրոցը Լիբանանի մէջ, Ասկերանի մանկապարտէզը Արցախի մէջ եւ Վանաձորի «Շող» Կեդրոնը Հայաստանի մէջ։

AMAA Աւստրալիա
ՃոզէՖ եւ Ճոյս Սթայնները՝ Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի եւ Յանձնախումբերու անդամներ, յարգանքի տուրք մատուցին Աւետարանչականի Աւստրալիայի Նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեանի եւ խօսեցան 1990-ականներուն Վեր. Եումշաճըգեանին հետ իրենց առաջին հանդիպումին մասին՝ Լիբանան եւ Սուրիա կատարած իրենց տարեկան այցելութիւններու ընթացքին՝ Ճոյսի հօր՝ Ստեփան Փիլիպոսեանի յորդորով, «որ կը փափաքէր որ մենք տեսնենք բազմաթիւ ծրագիրներ՝ որոնց ան աջակցած էր երկար տարիներ»։

Ձախէն աջ։  Վեր. Դոկտ. Գրիգոր եւ Տաթեւիկ Եումշաճըգեան, Ճոյս Սթայն, Իրաւաբան Կէրի Ֆիլիփս եւ ՃոզէՖ Սթայն

Իրենց երախտագիտութեան խօսքով, ՃոզէՖ եւ Ճոյս Սթայնները (Փիլիպոսեան) շարունակեցին. «Մենք այս երեկոյ այստեղ ենք, որպէսզի յարգենք Վերապատուելի Եումշաճըգեանին եւ Տաթեւիկին՝ Աւստրալիայի Հայ բնակչութեան եւ Աւետարանական Եկեղեցիի աճին հետ կապուած իրենց ներդրումին եւ շնորհակալութիւն յայտնելու իրենց Քրիստոնէական առաջնորդութեան համար»։

Աւստրալիայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը ստեղծուած է 2001-ին՝ Վեր. Դոկտ. Մովսէս Ճանպազեանի երկարամեայ ջանքերով՝ որուն առաջին հիմնադիրներու թիւին մէջ եղած են Յովհաննէս Սողոմոնեանը, Պարգեւ Իշխանեանը, Սեւակ Չէլէպեանը, Լուսի Արոյեանը, Լենա Պոյմուշագեանը, Արփի Կիրակոսեանը եւ Ընկերակցութեան Նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեանը։

Աւստրալիայի մասնաճիւղի ծրագիրները կը ներառեն ուսանողներու աջակցութեան ծրագիրներ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի մէջ, շտապ օգնութեան եւ դպրոցներու վերանորոգում Սուրիայի, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, «Շող» կեդրոններ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, Ամառնային ճամբարներ, մարդասիրական եւ բժշկական նախաձեռնութիւններ, կրթաթոշակներու օգնութիւն եւ հոգեւոր գրականութիւն, ինչպէս նաեւ ստորերկեայ կացարան Հայաստանի սահմանամերձ գիւղի մը մէջ եւ աջակցութիւն Աւստրալիայի՝ բնական աղէտներու համար։

 «ՅՈՅՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ» Ֆրանսա
Աւետարանչականի Հայաստանի նախկին ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանը եւ «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութեան Նախագահ Սերժ Քիւրքճեանը, որու ֆրանսերէն ելույթը թարգմանուեցաւ, պատմեցին, թէ Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիները հիմնադրած են «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութիւնը՝ անոր Միութեան Նախագահ, հանգուցեալ Վեր. Դանիել Սահակեանի նախաձեռնութեամբ՝ հոգեւոր եւ նիւթական օգնութիւն տրամադրելու Սպիտակի երկրաշարժէն տուժածներուն՝ 1988-ին:

Յարութ Ներսէսեան, Տէր եւ Տիկին Սերժ եւ Նատիա Քիւրքճեան եւ Զաւէն Խանճեան

Առաջին նախագահը եղած է Վեր. Դոկտ. Ռընե Լեւոնեանը, որուն յաջորդած են Պօղոս Հալաճեանը, Վեր. Ժիլպէր Լեւոնեանը եւ ապա Նախագահ Սերժ Քիւրքճեանը։ Կազմակերպութիւնը մեծ դեր ունեցած է այդ մութ ժամանակներուն Հայաստանին ընկերային-տնտեսական օգնութիւն տրամադրելով՝ սնունդ, վառելիք ինչպէս նաեւ հոգեւոր աջակցութիւն։

Սերժ Քիւրքճեան 26 տարիներ համագործակցած է «Յոյս Հայաստանի Համար» Կազմակերպութեան ղեկավարութեան հետ «անխոնջ կազմակերպելով ուղեւորութիւններ դէպի Հայաստան եւ մանրակրկիտ կազմակերպելով բազմաթիւ ստեղծագործական նախագիծեր, որոնց շարքին ճամբարներ մանուկներու ինչպէս նաեւ տարեցներու համար։»

Ուրախ երեկոյին թեթեւ ծիծաղ ներարկելով, ընդգծուեցաւ Ֆրանսական խոհանոցի խոհարարական վարպետութիւնը։ «Մենք Ֆրանսացիներս կը սիրենք ուտել, եւ մենք հայերս անոնց ծանօթացուցած ենք մեր սեփական ուտելիքը, իհարկէ գինիով, ցոյց տալով մեր սէրը Աստուծոյ հանդէպ եւ մեր ստեղծագործական ճաշացանկը»։

Աւետարանչականի հետ «Յոյս Հայաստանի Համար» Կազմակերպութեան վերջին ծրագիրները կ’ընդգրկեն մանուկներու ցերեկային կրթական կեդրոնի մը բացումը Ստեփանակերտի մէջ՝ Արցախ։ Կեդրոնը Աւետարանչականի կողմէ տրամադրուած տարածքով կը բացուի 2023-ի Սեպտեմբերին՝ Քրիստոնէական կրթութեան եւ Ֆրանսերէնի ուսուցողութեամբ։

Աւետարանչականի կողմէ Գանատացի, Աւստրալիացի եւ Ֆրանսացի գործընկերներու ներկայացուցիչներուն նուիրուեցան արուեստի գեղեցիկ նուէրներ Հայաստանէն՝ Վազգէն Բրուտեանի ձեռամբ պատրաստուած։ Ներդաշնակութեան տարբեր ստեղծագործութիւններով օգտագործուած են հատուածներ Գանձասարի դպրոցի ձեռագրերէն, ճարտարապետական եւ խաչքարային բներգներէ, ինչպէս նաեւ հատուածներ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքներէն։

Ֆրանսայի «Յոյս Հայաստանի Համար» Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէնին նուիրեցին Հայաստանի որբերու կողմէ գրուած «Հայր Մեր»ը՝ գեղեցիկ շրջանակով։

ՈԳԵՇՆՉԻՉ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԸՆԹԱՑԻԿ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՎԻՃԱԿԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ
Աւետարանչականի Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան, իր ոգեշնչից խօսքով յիշեց եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հնարաւոր դարձուցին երեկոն, ներառեալ՝ Աւետարանչականի Փարամուսի, Կլէնտէյլի, Երեւանի եւ Արցախի աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հիւրերուն, որոնք եկած էին աշխարհի տարբեր անկիւններէն՝ «մեզ բերելու սիրոյ, հոգատարութեան եւ ուշադրութեան ջերմ, գունեղ եւ անսահման ոգին՝ զօրակցելով մեր առաքելութեան եւ նպատակներուն»։

Ընդգծելով ներկայ դժուար ժամանակները, ան զգացմունքով յայտարարեց «Անցեալ 35 տարուան ընթացքին երբեք ազատ եւ անկախ Արցախի հեռանկարը այսքան մռայլ եւ հեռաւոր չէ եղած։ Երբեք Հայու կենդանի սերունդի պատմութեան մէջ Հայրենիքի մասին մտահոգութիւնը այսքան մեծ եւ լուրջ չէ եղած»։

Ան պատմեց «սպառնալիքներու, յարձակումներու, հողերու գրաւումի, անզէն ռազմագերիներու մահապատիժի, ատելութեան հրահրման եւ խթանման մասին, որոնք բոլորը մնացած են անպատիժ։ Հայաստանը միայն անատամ դատապարտութիւն ստացած է մերձաւոր եւ հեռու ընկերներէ։ Գոյատեւումի այս գոյամարտին, մենք մեր ճակատագրի միակ երաշխիքն ենք» ընդգծեց ան։

Յոյս յայտնելով՝ ան բոլորին յիշեցուց, որ «մենք անցած ենք պատմութեան նման շրջաններ։ Կրած ենք ցաւ եւ յարութիւն առած։ Մեր տոկունութիւնն ու յամառութիւնը գերկշռած են։ Մեր Հայրենիքը մեր լուծն է, եւ մենք բոլորս պէտք է պայքարի մէջ ըլլանք՝ զայն պաշտպանելու, աջակցելու եւ պահպանելու համար։

ԱՊԱԳԱ ՆԱԽԱԻԳԻԾԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ
Պր. Խանճեան ներկաներուն տեղեկացուց, որ «յառաջիկայ քանի մը ամիսներու ընթացքին, մենք կը կառուցենք երկու նոր մանկապարտէզներ Արցախի մէջ, կէս տասնեակ նոր տուներ, արուեստագիտութեան (Technology) կեդրոն՝ Երեւանի Աւետիսեան դպրոցին մէջ։ Մենք ձեռնմուխ պիտի ըլլանք Հանգաւանի ճամբարի լուրջ զարգացման, հիմք կը դնենք Թուրքիայի Թուզլա քաղաքի յարութիւն առած Արմեն Ճամբարին եւ կը նուիրագործենք Տավուշի Մարզի Բերդ քաղաքի Աւետարանչականի նոր կեդրոնին եւ կարիքաւորներու ճաշարանին»։

«Մենք կառուցելու, կրթելու եւ Խօսքը տարածելու մէջ յաջող ենք։ Անոնք են մեր զէնքերը։ Մենք կ’օգտագործենք զանոնք» ըսաւ ան բուռն ծափահարութիւններու ներքեւ։

Ճաշկերոյթի սկիզբը՝ ընդունելութեան ժամանակ, Հայաստանէն ժամանած ջութակահար Տիանա Վասիլեանը ելոյթ ունեցաւ, իսկ միջոցառման ընթացքին մրցանակակիր երգչուհի եւ դերասանուհի Անի Ճիրճիրեան իր քանի մը բեմական ելոյթներով խանդավարեց ներկաները։ Եւ ի հարկէ, «Շուշի» պարային համոյթը, գլխաւորութեամբ գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Սեդա Փասքալեան Գանթարճեանի, իրենց ճկուն ոստուններով եւ գեղեցիկ զգեստներով խանդավարեցին ներկաները ։

Նշանակալից երեկոն իր աւարտին հասաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահի Պաշտօնակատար եւ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտօսթեանի օրհնութեան աղօթքով։

Աւետարանչականի 103-րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթի Յանձնաժողովի անդամներն էին՝ Համանախագահներ՝ Վահրամ եւ Լուսիէն Այնիլեանները, ՌաՖՖի եւ Լորի Այնիլեանները, Վ. Ճ. եւ Սիմոնէ Այնիլեանները, Հրակ եւ Թալին Չալեանները, Այտա Կէյիքեանը, Շանթ եւ Նայիրի Կէյիքեանները, Պերճուհի Պարսումեան Կիւլէսէրեանը, Նուրհան եւ Սելեսդ Հելվաճեանները, Վիքի Շողակ Յովհաննէսեանը, Զաւէն եւ Սօնա Խանճեանները, Գրիգոր եւ Թամար Գրիգորեանները, Քրիստին Քութլուն, Սեդա Նալպանտեանը, Մակտա Փուլոսը, Նէնսի Ռիվերան, ՃէնիՖըր ԹէլՖէյեան ԼաՌոն, Մարի Վիտուսիչը եւ Քէթի Ոսկեանը։

Աւետարանչականը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան Ընկերակցութեան 103-րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթի յաջողութեան։

(Անգլերէնէ Արեւմտահայերէնի թարգմանեց Լուիզա Ճանպազեան)

Կարդայ Արեւելահայերէնը