
AMAA Empowers Armenia’s Navur School in Tavush Region with New Physics Lab

In 2019, the “One Village” Consortium, which was initiated by the Armenian Missionary Association of America (AMAA), chose to assist the border village of Navur in the Region of Tavush. The Consortium, consisting of 11 prestigious local and international organizations, was formed in 2014, on the occasion of the Armenian Genocide Centennial. It’s first mission was to join forces to help the Martuni village of Kegharkunik Region and has been active since its inception.
In May 2020, as a member of the “One-Village” Consortium, the AMAA donated a physics laboratory worth 1,300,000 (one million three hundred thousand) drams to Navur School, which was received with great enthusiasm and excitement from the teachers and students. The laboratory is now equipped with devices and instructions that can be used for experiments in the physics, electrodynamics and magnetism departments.
The Navur School administration, teachers, students and parents express their deep gratitude to the AMAA for this initiative.
To date, the “One-Village” Consortium has implemented several educational, development and relief projects in Navur, including the installation of water pipes, the construction of a soccer field, and the provision of furniture to the School.
Responding to the Call to Action by the President of the Republic of Armenia; President of Hayastan all Armenian Fund’s Board of Trustees, Armen Sarkissian, AMAA also supported the ‘Hayastan’ All Armenian Fund campaign to “Empower the Remote Border Communities” with an emergency assistance of $25,000.
Established in 1918 in Worcester, MA, the AMAA serves the spiritual, educational and social needs of Armenian communities in 24 countries around the world including Armenia and Artsakh. For additional information, please visit www.amaa.org/whoweare.
Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կը Գօտէպնդէ Տավուշի Նաւուր Գիւղի Դպրոցը Բնագիտութեան Տարրալուծարանով
2019-ին «Մէկ Գիւղ» համագործակցութիւնը (Consortium)՝ որ ծնունդ առաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու զարգացման ծրագրի շրջանակներուն մէջ ստանձնեց Տավուշի Մարզի Նաւուր համայնքի Միջնակարգ Դպրոցի հովանաւորութիւնը։ Այս Համագործակցութիւնը՝ որուն կը մասնակցին 11 տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններ, կազմուեցաւ 2014-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով։ Համագործակցութեան առաջին առաքելութիւնն էր միասնական ուժերով օգնել Քեղարքունիքի մարզի Մարտունի գիւղին։ Իր կազմութեան օրէն ի վեր Համագործակցութիւնը եղած է գործօն։
Մայիս 2020-ին, որպէս «Մէկ Գիւղ» Համագործակցութեան մէկ անդամը, Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Նաւուրի դպրոցին նուիրուեց 1,300,000 (մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար) դրամի արժողութեամբ բնագիտութեան տարրալուծարան, որ մեծ ոգեւորութիւն եւ աշխուժութիւն պարգեւեց ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն։
Այժմ Դպրոցի տարրալուծարանը ապահովուած է բնագիտական, ելեքտրաուժային եւ մաքնիսականութեան բաժանմունքներու գրեթէ բոլոր տեսակի փորձերու համար՝ իրենց մեթոտաբանութեան ցուցմունքներով։
Դպրոցի տնօրէնութիւնը, ուսուցիչները, աշակերտներն ու ծնողները իրենց խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան այս հիանալի նախաձեռնութեան համար։
Մինչ օրս՝ «Մեկ Գիւղ» Համագործակցութիւնը Նաւուրի մէջ իրականացուցած է շարք մը կրթական, զարգացման եւ օգնութեան ծրագիրներ՝ ներառեալ ջրատարերի տեղադրումը, ֆութպոլի դաշտի կառուցումը եւ դպրոցի կահոյքի տրամադրումը։
Դրականօրէն արձագանքելով Հայաստանի Հանրապետության Նախագահի եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նախագահ Արմեն Սարգիսեանի կոչին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը 25,000 տոլարի ներդրումով աջակցեցաւ նաեւ Սահմանամերձ համայնքները հզօրացնելու շտապ օգնութեան արշաւին:
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1918-ին, որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, իր ծառայութիւնները մատուցանելու բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ իրագործելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ բարեսիրական ծառայութիւններ քսանչորս տարբեր երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի կայքէջը www.amaa.org/whoweare։