AMAA Executive Director’s Congratulatory Letter to Pastor Shanlian for his recently published Book Քաջալերուէ՛

Սիրելի Տիգրան,

Մօտ տասը ամիս է որ «քաջալերանք»դ գրասեղանիս վրայ տեղ գրաւած է եւ կը սպասէ որ արձագանգեմ:

Խորագիրը արդէն Քրիստոնէական կեանքի հարազատ դրսեւորումներէն մէկն է, վեր բարձրացնելով ընկճեալն ու յուսահատը, տկարն ու պարտեալը:

Արարումդ՝ գրասեղանիս հարդակի վրայ իր հանգիստին մէջ իսկ արդէն տասը ամիս է որ կը պատգամէ ինծի, շատ յաճախ իր տասը գիրերով, զիս վեր առնելով բնական ճնշումներու ծանրութենէն եւ կամ մտքի բեռնաւորութիւնէ:

Քրիստոնէական կեանքի գործնական կիրարկման յատկանիշներէն մէկն է քաջալերանքը, զոր կը բխի անանձնական սէրէ մը՝ մեր Փրկչին ապրած կեանքի կենդանի օրինակով:

Աստուածաշունչը եւս գրքիդ կողքի ճակատին կը ժպտայ կարծես, թարգմանը հանդիսանալով Անոր շունչէն բխած ամէն մէկ գրքին: «66 Ինքնատիպ Գրութիւններ», որոնք արտաշնչումն են Աստուծոյ Խօսքին արտայայտութիւնը եղող 66 կտակուած գիրքերուն:

Մեծապէս կը գնահատեմ 66 խորագիրներու տրամադրած մտածումի եւ խոկումի պահերդ եւ անոնցմէ փխած սրտափուխ յոյս ներշնչող արտայայտութիւններդ:

Կը գնահատեմ նաեւ «Աւետարանչական»ով ընկալուած ըլլալու խորդհուրդդ, ուր քաջալերանքով զինուած եւ զայն սերմանած «Աւետարանչական»ի հարիւրամեակը կը ներբողէս:

Շնորհակալ եմ մակագրուած օրինակին համար եւ կը հաւաստիացնեմ թէ ստեղծագործութիւնդ իր նպատակին հասած է ինծի համար:

Դուն ալ արժանի ես քաջալերանքի, որուն Աստուածային աղբիւրէն բխած առատ օրհնութիւնը թող այս տօնական օրերուն թափի վրադ:

Կը խնդրեմ արտատպելու իրաւունքը, որու հետ նաեւ ընկերակցող թուային օրինակ մը 29-րդ գրութենէդ 59-րդ էջին վրայ:

Բարի Մաղթանքներով՝

Զաւէն Խանճեան, Գործադիր Տնօրէն


 

Հարիւր Տարեկան

  Add impact to your inbox. Join our mailing list and see our work in action: Sign Up