
AMAA’s Artsakh Centers and Kindergartens Reopen

During the recent Artsakh war, hundreds of families from Artsakh took refuge in Armenia. Along with other organizations, the Armenian Missionary Association of America took care of these families in its multiple facilities.
On November 15, eight employees and ministers from AMAA Armenia and the Evangelical Church of Armenia left for Stepanakert to restore and prepare the AMAA’s war-torn office and the sanctuary of the Evangelical Church of Armenia. For the first time since September 27, a Worship Service was held in the Church.
Today, AMAA’s kindergartens are fully operational in Stepanakert, Askeran and Martakert. The “Shogh” Day Center in Askeran has also opened its doors to serve the children of Artsakh.
Gayane Yeghiazaryan, Social Worker of “Shogh” Day Center, and Sarik Gasparyan, Camp Director of Bedrosian Camp in Shushi, took care of 30 elderly people who found refuge at these centers, feeding them and taking care of all their basic needs until October 29, when they were evacuated. These are difficult times for our people of Armenia and Artsakh. We mourn the loss of Shushi, Hadrut, Karvajar and other regions of Artsakh. But we also realize that we must move forward and do everything possible to support the restoration of our beloved Artsakh.



Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Արցախի Կեդրոններն ու Մանկապարտէզները կը Վերաբացուին
Արցախեան պատերազմի օրերուն եւ մինչեւ այսօր հարիւրաւոր Արցախցի ընտանիքներ ապաստան գտած են Մայր Հայաստանի մէջ։ Անոնց օգնող եւ աջակցող կազմակերպութիւններէն մէկն է նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Հայաստանի մասնաճիւղը։
Նոյեմբերի 15-ին ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի մասնաճիւղէն եւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիէն ութը ծառայողներ մեկնեցան Ստեփանակերտ եւ բարեկարգեցին տեղւոյն ԱՀԱԸ-ի գրասենեակը եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի դահլիճը, որոնք տուժած էին պատերազմէն։ Սեպտեմբեր 27-էն ետք առաջին անգամ Եկեղեցիին մէջ կատարուեցաւ նաեւ պաշտամունք։
Այսօր արդէն Աւետարանչականի մանկապարտէզները՝ Ստեփանակերտի, Ասկերանի եւ Մարտակերտի մէջ, իրենց դռները վերաբացած եւ լիարժեք սկսած են աշխատանքի։ Բաց է նաեւ Ասկերանի «Շող» Ցերեկային Կեդրոնը։
ԱՀԱԸ-ի Արցախի ներկայացուցիչ՝ Վիկտոր Կարապետյանը, պատերազմի առաջին օրերէն իսկ, անտեսելով ամէն դժուարութիւն եւ վտանգ, սնունդ, դեղօրայք եւ առողջապահական պիտոյքներ կը մատակարարեր նկուղներու, ապաստարաններու եւ այլ վայրերու մէջ պատսպարուած Արցախցի մեր հայրենակիցներուն։
Շուշիի «Շող» Ցերեկային Կեդրոնի ընկերային ծառայութեան գործիչ՝ Գայանե Եղիազարյանը եւ Շուշիի ԱՀԱԸ-ի հովանիին ներքեւ գործող «Պետրոսեան» ճամբարի տնտեսավար՝ Սարիկ Գասպարյանը, «Պետրոսեան» ճամբարի մէջ ընդունած էին 30 տատիկներ եւ պապիկներ, եւ կը խնամէին զանոնք՝ հոգալով անոնց ամէն կարիքները… Անոնք մնացին ճամբարին մէջ մինչեւ իրենց տարհանումը՝ Հոկտեմբեր 29-ին։ Այսօր ծանր ժամանակներ են Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն համար։ Մենք կը սգանք Շուշիի, Հադրութի, Քարվաճառի եւ Արցախի միւս շրջաններու կորուստը։ Բայց նաեւ կը գիտակցինք որ պէտք է առաջ շարժուիլ, ընել հնարաւոր ամէն բան՝ աջակցելու մեր սիրելի Արցախի վերականգնումին։