AMAA’s Christmas Joy Program Prepares 12,000 Bags Full of Gifts for Children in Armenia and Artsakh

12,000 bags of Christmas gifts will be distributed during this Christmas season to our children in Armenia and Artsakh. The staff of the AMAA’s Avedisian School in Yerevan along with the School’s 10th and 11th graders worked tirelessly for four consecutive days under the auspices of the Armenian Missionary Association of America (AMAA) and the staff of the Christian Education Department of the Evangelical Church of Armenia. They sorted the gifts, grouping them and filling the bags to bring some joy to our children, who are deprived of their carefree daily lives due to the war and have found themselves in insecure social conditions.

Since the early 1990s, every Christmas the AMAA’s Christmas Joy Program has brought many smiles and fun celebrations to thousands of children and their families throughout Armenia and Artsakh who need it more than ever this year.  From music and dancing, to Christmas plays and visits from Santa, Christmas is a happy and blessed time of the year. You may still join us and be a part of sharing God’s love and help to bring Christmas Joy to our precious children in the Homeland and Artsakh. For some, the toys and gifts may be the only Christmas presents they receive, as their families cannot afford to spend what little income they have on these items.

For as little as $15 you can still help the AMAA continue bringing the spirit and joy of Christmas directly to these children. Please donate to the Christmas Joy Program. Thank you!

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Կը Պատրաստէ Նուէրներով լի 12,000 Պայուսակներ Հայաստանի եւ Արցախի երեխաներուն

Սուրբ Ծննդեան Նուէրներով լի 12,000 պայուսակներ պիտի բաշխուին այս Նոր Տարուան եղանակին Հայաստանի եւ Արցախի մեր երեխաներուն։ Այս ծրագրի իրագործման համար Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) հովանավորութեամբ եւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժնի աշխատակիցներուն հետ Աւետիսեան կրթահամալիրի աշխատակազմը իր 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ համատեղ անդուլ աշխատած են չորս օր անընդմէջ: Այդ ընթացքին անոնք բաժնած, կարգաւորած եւ դասաւորած են նուէրներով լի պայուսակները՝ պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով մանկական անհոգ առօրեայէն զրկուած եւ ընկերային անապահով պայմաններու մէջ յայտնուած Հայաստանի եւ Արցախի մեր երեխաներուն համար:

1990-ական թուականներու սկիզբէն ի վեր, ամէն Ծննդեան եղանակին, ԱՀԱԸ-ի Սուրբ Ծնունդի ծրագիրը բազմաթիւ ժպիտներ եւ զուարճալի տօնակատարութիւններ կը պարգեւէ հազարաւոր երեխաներու ու անոնց ընտանիքներուն Հայաստանի եւ Արցախի ամբողջ տարածքին, որոնք այս տարի աւելի շատ ունին անոնց կարիքը։

Երաժշտութենէ եւ պարէ մինչեւ Սուրբ Ծննդեան ներկայացումներ եւ Կաղանդ պապայի այցեր, Սուրբ Ծնունդը տարուայ ուրախ եւ օրհնուած ժամանակն է այս երեխաներուն համար։ Դուք կրնաք միանալ մեզ եւ մաս կազմել այս ծրագրին Աստուծոյ սէրը տարածելու եւ Սուրբ Ծննդեան ուրախութիւնը պարգեւելու Հայրենիքի եւ Արցախի մեր թանկագին երեխաներուն։ Ոմանց համար այս պայուսակները կրնան միակ Սուրբ Ծննդեան նուէրները ըլլալ, քանի անոնց ընտանիքներու կարողութիւնը թոյլ չի տար ծախսելու իրենց համեստ եկամուտէն նման նուէրներու վրայ։

Նուազագոյն 15 տոլարի նուիրատուութիւն մը կրնայ ուրախութիւն բերել մէկ երեխայի։ Կը խնդրենք միանալ ԱՀԱԸ-ին շարունակելու Սուրբ Ծննդեան ոգին եւ ուրախութիւնը պարգեւելու մեր երեխաներուն: Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել այցելելով ԱՀԱԸ-ը կաքէջը “Christmas Joy Program”