An Armenian Christmas Message From Rev. Hendrik Shanazarian, Interim Minister of AEUNA

Dear AMAA Friends,

Happy 2022! We hope you have been enjoying your holidays and keeping safe! We look forward to spending another impactful year with you, remembering He is who provides our strength when we need it most. As we prepare to celebrate Armenian Christmas on January 6, we welcome a Christmas message written by Rev. Hendrik Shanazarian, Interim Minister of the Armenian Evangelical Union.

I give glory to God to finish another year by His grace. Trusting and relying on Him, we are given the opportunity to start a New Year. The first holiday of the year in the Armenian Church calendar is the birth and revelation of Christ. We also celebrate the Feast of the Epiphany with the Nativity on January 6, which is also celebrated by all Christians, but not with the same importance or splendor.

Որդին՝ Աստուծոյ Փառքին լոյսը եւԱնոր Էութեան Բուն Պատկերը

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս

Փառք կու տամ Աստուծոյ տարի մը եւս Անոր շնորհքով աւարտելու: Անոր վստահելով ու ապաւինելով Նոր Տարի մը սկսելու առիթը մեզի տրուած է: Հայկական Եկեղեցական օրացոյցին մէջ տարուայ առաջին Տօնը Քրիստոսի ծնունդն ու յայտնութիւնն է: Մենք Յունուարի 6ին Քրիստոսի ծննդեան հետ նաեւ կը տօնենք Աստուածայայտնութեան տօնը, որը նաեւ կը նշուի բոլոր Քրիստոնեաներու միջոցով, բայց ոչ նոյն կարեւորութեամբ կամ շուքով:

Վարը յիշուած քանի մը տողերուն մէջ կ’ուզեմ անդրադառնալ Աստուածայայտնութեան կարեւոր դէպքին մասին, որը համոզուած եմ մարդու պատմութեան մէջ շատ կարեւոր, անզուգական եւ իւրայատուկ դէպք մըն է: Եբրայեցիներուն ուղղուած նամակին առաջին համարներուն մէջ՝ ապա բոլոր թուղթին մէջ, առաքեալը անդրադարձած է այս կարեւոր իրադարձութեան, որը յարմարագոյն պատասխան կը պահանջէ մեզմէ, այդ յայտնութեան մասին լսողներէս:

Եբրայեցիներուն ուղղուած նամակը կը սկսի հետեւեալ համարներով՝

Շատ ձեւերով ու շատ կերպերով կանխաւ խօսած է Աստուած հայրերուն հետ՝ մարգարէներով։ Այս վերջին օրերս իր Որդիովը խօսեցաւ մեզի հետ, որը ամէն բանի ժառանգորդ ըրաւ, որով աշխարհն ալ ստեղծեց։ Ան իր փառքին լոյսն է եւ իր էութեան՝ բուն պատկերը։ Ան իր զօրութեան խօսքովը ամէն բան կը բռնէ։ Իր անձով մեր մեղքերը սրբեց եւ նստաւ բարձրերը, Աստուծոյ մեծութեան աջ կողմը։

Բոլոր Աստուծաշունչի, մանաւանդ վերը յիշուած համարներուն մէջ շեշտակի կերպով յիշուած է թէ Աստուած խօսիլ կը փափաքի իր ստեղծած մարդ արարածին հետ: Կը փափաքի ինքզինքը մարդուն յայտնել, որպէսզի մարդը կարենայ ճանչնալ զինք ստեղծող Աստուծոյն եւ Անոր հետ յարաբերութիւն ունենայ: Ըստ վերոյիշեալ համարներուն, Աստուած որ դարեր շարունակ զանազան միջոցներով խօսեցաւ մարդու հետ՝ Ինքզինքը, իր էութիւնը եւ կամքը հետզհետէ ու շարունակաբար յայտնելով, Իր Միածին Որդիին, Յիսուսի միջոցաւ Իր բուն պատկերը յայտնեց մարդուն, մարդուս հասկացողութեան սահմաններուն մէջ: Ան իր Որդիին միջոցաւ խօսեցաւ մեզի հետ: Յովհաննու Աւետարանը կը սկսի ԱստուածայինԲանին մասին բացատրելով, որը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, (եւ անոր փառքը տեսանք՝ Հօրմէն միածնի փառքին պէս), շնորհքով ու ճշմարտութիւնով լեցուն (1:14)։Եւ ապա կը շարունակէՄէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ, բայց միածին Որդին որ Հօրը ծոցն է, անիկա պատմեց (1:18)։ Քրիստոս իր կեանքի, ուսուցումներուն, մահուան ու յարութեան միջոցաւ ճշմարտութիւնը յայտնեց Աստուծոյ մասին, մարդու վիճակի ու կարիքի մասին, եւ Աստուծոյ ծրագրի մասին մարդկութեան եւ ստեղծագործութեան համար:

Եբրայեցւոց թուղթին մէջ առաքեալը մանրամասնօրէն կը բացատրէ թէ Հայր Աստուած խօսեցաւ մեզի հետ իր Որդիին միջոցաւ: Քրիստոս եկաւ որպէսզի մարդ մեղքերու ներում ստանայ, եւ Անոր հաւատալով Աստուծոյ զաւակ ու Քրիստոսի քոյր եւ եղբայր դառնայ՝ Անոր հետ ժառանգակից: Աստուած կը փափաքի որ իր զաւակները իր հետ մտերիմ հաղորդակցութիւն ունենալու շնորհիւ վայելեն այն հանգիստը որ Աստուած կրնայ շնորհել մեզի, որպէսզի իր պատկերը վերանորոգուի մեր մէջ եւ պատրաստուինք Աստուծոյ համար ապրելու և Անոր ու մեր շուրջը եղող մարդոց ծառայելու: 

Աստուած ինքզինք յայտնեց մեզի, մեզ հետ խօսեցաւ՝ Որդիին միջոցով: Ան կը շարունակէ խօսիլ մեզի հետ ամէն անգամ որ Քրիստոս կը քարոզուի: Ի՞նչ է քու պատասխանը, քու հակազդեցութիւնը:

Եբրայեցւոց թուղթին մէջ Առաքեալը կը հրաւիրէ որ Աստուածայայտնութեան խորհուրդը, Որդիին միջոցով Աստուծոյ խօսիլը նկատի ունենալով ա՛լ աւելի ուշադրութիւն ընենք մեր լսած բաներուն (2:1), նայինք, մեր միտքերը կեդրոնացնենք Յիսուս Քրիստոսին (3:1), հաւատանք Անոր եւ ամուր բռնենք մեր դաւանութիւնը (4:14): Ան կը շարունակէ թէ պէտք է աճինք մեր հաւատքին մէջ (6:1) եւ օրէ օր նորոգուելով եւ Անոր պարգեւած հանգիստը վայելելով (4:3,11) նուիրուածութեամբ եւ առանց ծուլանալու կամ յոգնելու (6:12), կենդանի Աստուածը պաշտենք (9:14): Պաշտենք Աստուած Իրեն հնազանդելով՝ ծառայելու մեր Տէրոջը եւ մեր շուրջը եղող մարդոց, ամէն տեսակ չարիքի դիմադրելով:

Առանց կասկածի դիւրին չէ յարմարագոյն պատասխանը տալու Աստուածայայտնութեան մեծ Խորհուրդին: Անոր համար առաքեալը կը յիշէ Քրիստոսին լսելու, հաւատալու եւ հետեւելու թէ օրհնութիւնները եւ թէ անոր հետ կապուած նեղութիւնները: Ան նոյն ժամանակ կը յիշէ Քրիստոսի մէջ ունեցած կենդանի յոյսը եւ կը յիշեցնէ թէ միջնորդ մը՝ բարեխօս մը, ունինք (Յիսուս Քրիստոս), որ կարեկից է մեզի մեր տկարութեան մէջ ու կը հրաուիրէ մեզ Անոր շնորհաց աթոռին դիմելու որպէս զի ողորմութիւն ընդունինք ու շնորհք գտնենք պէտք եղած ատեն մեզի օգնելու (4:14-16):

Անցեալ երկու տարիները դժուար տարիներ էին բոլոր մարդկութեան, մանաւանդ մեր հայ ժողովուրդին համար: Չենք գիտեր թէ ի՞նչ պահուած է մեզի այս նոր տարուան մէջ: Շատեր մտահոգուած են: Կը հրաւիրեմ սկսելու եւ ապրելու այս նոր տարին Էլմաճեան երգարանի թիւ 355 երգի չորրորդ համարի բառերը նկատի ունենալով՝

Չեմ գիտեր, գէ՞շ թէ լաւ բաներ Ինձ հոս պահուած մընան. Օրեր տըխո՞ւր կամ ցընծաբեր, Մինչեւ տեսնեմ վերն Զայն:
Բայց գիտեմ որու եմ հաւ'տացեր Եւ համոզուած եմ թէ կրնայ պահել Զայն որ Իրեն եմ աւանդեր, Մինչեւ օրն այն մեծ օրհնեալ:

Տէրը խօսած է եւ կը շարունակէ խօսիլ մեզի հետ Քրիստոսի միջոցով: Լսե՛նք, մտածե՛նք, հաւատա՛նք, աճի՛նք, օրհնութիւնները վայելե՛նք ու հնազանդի՛նք Անոր՝ ծառայելով մեր Տէրոջը եւ մեր շուրջը եղեղ մարդոց, մանաւանդ մեր ազգի զաւակներուն: Վստահ ըլլանք որ մինակ չենք եւ Ինքը՝ Տէրը, Շնորհքի Աստուածը որ մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ ներկայ է մեր կեանքերուն մէջ իր Սուրբ Հոգիովը եւ պատրաստ օգնելու, առաջնորդելու, զօրացնելու, ու մեր ըրածները օրհնելու ու արդիւնաւետ դարձնելու: Փառք Իր Անուանը: Ամէն:

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ, Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս:

Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Հովիւ

  Add impact to your inbox. Join our mailing list and see our work in action: Sign Up