Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2020-ին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան կարճ տեսանիւթով իր զօրակցական ու քաջալերական խօսքը ուղղեց Լիբանանահայութեան՝ նկատի ունենալով երկրին տնտեսական սուր տագնապը, ինչպէս նաեւ թագաժահրի համաճարակի հետեւանքով գաղութին ապրած տուայտանքը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Պարոն Խանճեանի պատգամը։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան անունով կ՛ողջունեմ տասնամեակներ շարունակ սփիւռքահայութեան բաբախող սիրտը հանդիսացող Լիբանանահայութիւնը՝ գաղութի էութիւնը կազմող ամէն մէկ հարազատ զաւակով:

Մենք գիտակից ենք տնտեսական սուր տագնապի եւ թագաժահրի համաճարակի հետեւանքը եղող գաղութի ապրած տուայտանքին, մօտէն կը հետեւինք ամէնօրեայ դժուարութիւններու եւ հաւատարիմ Աւետարանչականի հարիւրամեայ առաքելութեան, Քրիստոսի օրինակով, գործնականապէս կը սատարենք ժողովուրդի եւ կառոյցներու առողջութեան եւ կենսունակութեան:

Հաւատքի սիւներու վրայ խարսխուած յանձնառութեամբ կը հաւատանք՝ թէ հայու փիւնիկեան նկարագրով, պատմութեան էջերուն պիտի յանձնենք այս տագնապն ալ վերականգնելու համար Սփիւռքեան յառաջադէմ գաղութը ըլլալու Լիբանանահայութեան բարի եւ օրինակելի դիմագիծը:

Բարին ընդ ձեզ՝ սիրելի հարազատներ:


On May 5, 2020, Zaven Khanjian, Executive Director/CEO of the AMAA, gave a short, supportive and encouraging video message to the Lebanese-Armenians, taking into consideration Lebanon’s acute economic crisis as well as the community’s tribulations due to the current Corona virus.

The following is Mr. Khanjian’s Message:

On behalf of the Armenian Missionary Association of America, I greet the Lebanese-Armenian Community of Lebanon that has been the heartbeat of Diaspora Armenians for decades.

We are aware of the pain that you endure due to the economic crisis and from the Corona virus. Loyal to the Centennial mission of the AMAA and following the example of Christ, we continue to support the well-being and vitality of the people and institutions of the Lebanese-Armenian Community.

With a commitment anchored in the pillars of faith, we believe as Armenians with Phoenician character, that we will entrust this crisis to the pages of history and restore the good and exemplary image of Lebanese-Armenians as the progressive Community of the Diaspora.

May the good be with you, dear compatriots.

 

Exit mobile version