Pastor and Parish Relations

A Message by Rev. Dr. Vahan H. Tootikian
Executive Director of the Armenian Evangelical World Council

The second Sunday of October is “Armenian Evangelical Ministers’ Appreciation Sunday.” This year our meditation will focus on the relations of pastor and his/her congregation. When we think of good pastor, we recall the description of the good shepherd by Jesus in John 10:1-18. Jesus speaks of himself as the Good Shepherd. There can be no fullness of life apart from the Shepherd. He is both the safety and source of supply to meet the daily needs of his sheep. He provides for, protects, and even lays down his life for his sheep. His purpose in doing this is that his sheep might experience life in all its fullness.

The relationship of the Good Shepherd and His sheep are characterized in the following ways:

First, the Good Shepherd knows all of his sheep and calls each one by name. How could a shepherd identify a sheep in a crowded fold when there is certain sameness about sheep? For an outsider the sheep may all look alike, but not to the shepherd. The shepherd sees and knows them individually and calls them each one by name.

Second, the sheep recognizes and listens to the Shepherd’s voice. The Good Shepherd’s voice is a loving and caring voice. It is a compassionate and welcoming voice. When we are tired and weary, he calls, “Come to me, all you who are weary and burdened and I will give you rest” (Matt. 11:28). When we worry about our life, he tells us, “Do not worry about tomorrow” (Matt. 6:34). When we are bewildered, he tells us: “Do not let your heart be troubled. Trust in God, trust also in me” (John 14:1).

Third, the sheep follow the Shepherd because they recognize his voice. There is a friendship and fellowship between the Shepherd and the sheep. The Shepherd knows how to guide his sheep.

Pastors are called to be the Good Shepherd’s under shepherds. They are called to emulate the Good Shepherd, Jesus Christ.

When Jesus put Peter to the test, he asked him the question “Do you love me?” Three times he asked, and three times Peter replied, “You know that I love you.” And Jesus commissioned him, “Feed my sheep.”

Good under-shepherds truly love the Good Shepherd and feed his sheep. Good pastors are compassionate. They put themselves in the shoes of their sheep and feel their joys and pain; they care about the needy and the sick.

Conversely, members of a parish have the following duties and responsibilities:

  1. They should make allowances for their pastor’s weaknesses. Pastors are not perfect human beings. They have feet of clay also; they get tired, they get sick; they get emotional. Members should understand, be tolerant and supportive.
  2. Members should provide for the material needs of their pastor and his/her family. Members should be sensitive to the needs of their pastor.
  3. Members should keep their pastor in their prayers. Pastors and their family need prayers also. The writer of the Hebrews rightly asks, “Pray for us” (Hebrews 13:18).
  4. Members should make constructive suggestions to their pastors. Suggestions and criticisms should be made lovingly, courteously and graciously. Members should express their appreciation when deserved.

There is an action and reaction between pastor and parish so that a pastor makes his parish and a parish makes its pastor. Members of a congregation have done their duty most effectively when they create an atmosphere so genial and yet so bracing that every good in their minister has been fostered and everything petty killed. Finally, in Shakespeare’s work Hamlet’s advice to Polonius applies to both pastor and his/her parish, “To thine own self be true.”

It is a privilege and a great responsibility to be a pastor. On this special Sunday, let us praise God for all the dedicated pastors, who are faithful servants of the Lord.


Բարի Հովիւին եւ իր Հօտին Յատկանիշները

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան, Գործադիր Տնօրէն Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի

Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի որոշումով, Հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ Կիրակին նուիրուծ է «Հայ Աւետարանական Հովիւներու Գնահատանքի Օր»: Այս տարուան մեր խորհրդածութիւննեդը կը կեդրոնանան հովիւի եւ հօտի յարաբերութիւններու վրայ:

Հովուական պաշտօնը դժուար կոչում մըն է: Սակայն հոգեպարար հանրային ծառայութիւն մըն է: Հոգեւոր հովիւը թէ’ Աստուծոյ ծառան է, թէ’ նաեւ իր հօտին առաջնորդը: Ան համարատու է ամենէն առաջ եւ ամենէն աւելի Աստուծոյ, ապա իր համայնքին: Հովիւ ըլլալ առանձնաշնորհում մըն է, բայց ինչպէս որեւէ առանձնաշնորհում՝ ան կ’ենթադրէ լուրջ պատասխանատուութիւն:

 Ի՞նչ են յատկանիշները «բարի հովիւ»ի մը: Բարի հովիւը ծառան է Մեծ Հովուապետ՝ Յիսուս Քրիստոսի: Անոր յատկանիշները նմանօրինակ են «Բարի Հովիւ եղող Տէր Յիսուսի, որոնք յիշուած են Յովհաննու Աւետարանի 10-րդ գլխուն առաջին 18 համարներուն մէջ:

Առաջին. Բարի հովիւը կը ճանչնայ իր ոչխարները եւ կը ճանչցուի անոնցմէ: Ան կը ճանչնայ իր ամէն մէկ ոչխարը, իրազեկ է անոնց ուրախ ու տխուր փորձառութիւններուն: Երբ ան իր փարախին գոմին դուռը կը բանայ անոր ոչխարները իր ձայնին կը հետեւին: Իրենց անուններով կը կանչէ իր ոչխարները եւ դուրս կը տանի զանոնք: Եւ քանի որ գիտէ իր ոչխարները, ան նաեւ կը մատակարէ անոնց համապատասխան կարիքներուն:

Երկրորդ. Բարի հովիւը իր հօտը հսկող, պահող ու պաշտպանող առաջնորդն է: Ան կը պաշտպանէ իր հօտը գողերէն եւ վայրի անասուններէն: Երբ գիշատիչ կենդանիներ կը սպառնան իր ոչխարներուն, երբ մոլորիչ ազդեցութիւններ կը խանգարեն իր հօտին հանգիստը՝ ան ոգի ի բռին կը պայքարի անոնց դէմ: Իսկ վարձկան հովիւը իր հանգիստը կը փնտռէ եւ երբ դժուարութեանց առջեւ գտնուի կը լքէ իր հօտը ու կը հեռանայ:

Բարի հովիւը իր սրտի գոհունակութիւնը կը փնտռէ իր հօտին բարելաւութեան մէջ, եւ երբ հարկ ըլլայ, իր անձը կը զոհէ իր ոչխարներուն հանգստութիւնը ապահովելու համար:

Երրորդ. Բարի հովիւը անձնուէր եւ գորովագութ անձ մըն է: Բարի հովիւը դժուարութիւններու առջեւ ցոյց կուտայ տոկունութիւն, համբերութիւն ու քաջութիւն: Ան դժուարութիւններու մէջէն անցած ատեն ցոյց կուտայ բարոյական անվեհեր կեցուածք եւ անպարտելի դիրքաւորում: Ան կը պահէ իր հոգեւոր կորովը ամէն առիթներով եւ ամէն պարագաներու մէջ:

 Ինչ կը վերաբերի հօտին, հարկ է ըսել որ ան ալ ունի իր դերն ու պատասխանատուութիւնները: Արդար չէ ամէն բան ակնկալել հովիւէն: Հօտը ձեռնածալ եւ հանդիսատեսի կրաւորական դիրքի մէջ նստելու չէ: Հովիւ մը որչափ ալ նուիրուած ըլլայ իր հօտին՝ չի կրնար ազդուօրէն ծառայել առանց անոր գործակցութեան: Չի բաւէր միայն «ճանչնալ ոչխարները» կարեւոր է նաեւ «ճանչցուիլ» անոնցմէ (Յովհ. 10.14): Սա կը նշանակէ, որ հօտը նեցուկ կենալու է իր հովիւին:

Հօտը հետեւեալ կերպով կրնայ նեցուկ ըլլալ իր հովիւին.-

Առաջին. Հօտը նեցուկ կ’ըլլայ իր հովիւին՝ զայն սիրելով եւ յարգելով:  Սիրելն ու յարգելը քրիստոնեայի մը կարեւոր առաքինութիւններն են: Եկեղեցւոյ անդամները գնահատելու են իրենց հովիւին ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ անկեղծօրէն սիրելու եւ յարգելու են զայն:

Երկրորդ. Հօտը նեցուկ կ’ըլլայ իր հովիւին՝ զգայուն ըլլալով անոր զգացական, հոգեկան եւ նիւթական կարիքներուն: Հօտը մոռնալու չէ թէ հովիւն ալ մարդ է, գերբնական էակ մը կամ հրեշտակ մը չէ: Ամէն մարդ արարածի նման ան ունի իր թերութիւններն ու տկարութիւնները, իր ուրախ եւ տխուր փորձառութիւնները, իր յոյսերն ու յուսախաբութիւնները, իր կարիքներն ու պէտքերը: Հօտին անդամները մտահան պէտք չէ ընեն այս իրողութիւնը, այլ զգայուն եւ կարեկից հոգի ցոյց տալու են իրենց հովիւին հանդէպ:

Երրորդ. Հօտը նեցուկ կ’ըլլայ հովիւին երբ արդարօրէն կ’արժեւորէ անոր հովուական ծառայութիւնը: Հովիւ մը ունի զանազան եւ բազմաթիւ պաշտօններ ու պարտականութիւններ, ինչպէս քարոզելու, դաստիարակելու, կազմակերպելու, այցելելու, իր համայնքը առաջնորդելու, աւետարանելու, միջ-եկեղեցական եւ միջ-յարանուական յարաբերութիւններ մշակելու եւ վարչական գործեր կատարելու պատասխանատուութիններ: Հօտը իրազեկ ըլլալու է այս ամենուն երբ կ’արժեւորէ իր հովիւին գործը: Ասիկա անպայմանօրէն չի նշանակէր, թէ ժողովուրդը ի՞նչ նիւթական հատուցումով կը գնահատէ իր հովիւը, այլ ի’նչ հայեացքով կը նայի իր հովիւի կեանքին ու գործին: Հովիւ եւ հօտ որչա՞փ կը կատարեն իրենց կոչումին ակնկալութիւնները, որչա՞փ կը մեծնան հոգեւորապէս, որչա՞փ կը կատարեն Մեծ Հովուապետ Քրիստոսի ակնկալութիւնները:

Ժողովուրդ մը իր լաւագոյնը կ’ընէ իր հոգեւոր հովիւին, երբ կը ստեղծէ այնպիսի բարեացակամ մթնոլորտ մը, ուր կարելի ըլլայ առարկայականօրէն եւ արդարօրէն արժեւորելու իր հովիւին ծառայութիւնները. երբ ան կրնայ շինիչ քննադատութեամբ շտկել այն ինչ որ սխալ կամ թերի է եւ քաջալերել ու յառաջ մղել այն ինչ որ դրական եւ դրուատելի է:

Հովիւ եւ հօտ սերտ կապեր ունին իրարու հետ: Անոնց գործակցութիւնը անհրաժեշտ է եկեղեցիի մը աճումին եւ բարգաւաճումին համար:

Աստուած օրհնէ բոլոր բարի հովիւները եւ անոնց գիտակից հօտերը իր փառքին եւ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ շինութեան եւ պայծառութեան համար:

  Add impact to your inbox. Join our mailing list and see our work in action: Sign Up