Եկեղեցիին Կոչումը

Մատթէոս 5: 14-16

Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան

1 Յուլիս 1846 ը Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիի ծննդեան օրն է։

175 տարիներ առաջ, Պոլիսի մէջ, 40 անձեր (37 այր եւ 3 կին) հիմնելով Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին շեշտը դրին Աստուծոյ Խօսքին վրայ, այսինքն՝ տարածել Տէր Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին լոյսը բոլոր անոնց որոնց սրտերն ու մտքերը կուրցուցած է չարը։ Ինչպէս կը կարդանք։

Բ. Կորնթ. 4. 3-4 համարներուն մէջ, «Իսկ եթէ մեր աւետարանը ծածկուած է, որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը անհաւատներուն մտքերը կուրցուց, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին փառքին լոյսը անոնց վրայ չծագի, որ է Աստուծոյ պատկերը, վասնզի ոչ թէ անձերնիս կը քարոզենք հապա Քրիստոս Յիսուս Տէրը»։

Ուրեմն, իւրաքանչիւր Եկեղեցի կանչուած է ըլլալու փարոս մը որմէ ճառագայթելու է Քրիստոսի Աւետարանին լոյսը ոչ թէ միայն շրջանակին այլ՝ համայն մարդկութեան։

Տէր Յիսուս ըսաւ.«Դուք էք աշխարհի լոյսը։» Որովհետեւ, իւրաքանչիւր Եկեղեցիի վստահուած է Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը։ Անշուշտ յիշեցնեմ, երբ եկեղեցի կ՚ ըսենք, պատերու եւ շէնքի մասին չենք խօսիր, այլ ըսել կ՚ ուզենք հաւատացեալներու խումբը, որոնք հաւատքով Տէր Յիսուս Քրիստոսի նուիրուած ու յանձնուած են։ Ուրեմն եկեղեցիին լոյսը, Աստուծոյ Խօսքն է որ պէտք է կարդացուի, սերտուի, հռչակուի, տեսնուի եւ ապրուի Եկեղեցիին մէջ, այսինքն հաւատացեալներուն մէջ։ Եւ այս ձեւով Եկեղեցին կը դառնայ փարոս մը, հիմնուած ժայռի վրայ, այսինքն՝ Քրիստոսի Աստուածութեան վրայ, նաեւ պարտաւորութիւն է որ փարոսին լոյսը միշտ փայլի։

Որքան ցաւալի է կացութիւնը ծովուն վրայ գտնուող նաւուն որ փարոսին առաջնորդութեան եւ օգնութեան պէտք ունի, սակայն փարոսը լոյս չի ղրկեր անոր։ Բնական է որ նաւը պիտի խարխափէ մութին մէջ։ Նոնն է պարագան Եկեղեցիին։ Իւրաքանչիւր եկեղեցի պէտք է ապրի եւ սփռէ Քրիստոսի սէրը որպէսզի մարդիկ չ՚ ըսեն թէ փնտռեցին զԱստուած, բայց չգտան։

Այս իրողութիւնը առթուն պահելու է եկեղեցին։ Որվհետեւ, փարոսը պատգամ մը ունի փոթորիկներով լեցուն ծովերու վրայ նաւարկողներուն։

Փարոսին պարտականութիւնն է՝ նաւերը ժայռերու դէմ պաշտպանել։
Նոյն ձեւով եկեղեցիին պարտականութիւնն է ներկայացնել Տէր Յիսուս Քրիստոսը որպէս Փրկիչ բոլոր մարդկանց։

Փարոսին պարտականութիւնն է նաեւ ապահովութեան վստահութիւն տալ եւ առաջնորդել նաւերը նաւահանգիստ հասնելու։

Նոյնն է պարագան եկեղեցիին։ Եկեղեցին ունի փրկութեան պատգամ աշխարհի համար եւ հաւատացեալներուն կոչումն ու պարտականութիւնն է հռչակել Տէր Յիսուս Քրիստոսը, իբրեւ՝ փրկութիւն, ապահովութիւն, յոյս եւ վստահութիւն։

Ասկէ 175 տարիներ առաջ, հիմնուեցաւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին եւ եղաւ փարոս մը ոչ թէ միայն Պոլիսի մէջ այլ տարածուեցաւ Թուրքիոյ մէջ եւ ապա աշխարհի տարածքին։

Պատկերացուցէք 1846 ին սկսաւ եւ վաթսուն տարուան մէջ, ցեղասպանութենէն առաջ, ունեցանք հարիւրէ աւելի եկեղեցիներ։ Իսկ ցեղասպանութենէն ետք, այսօր, Թուրքիոյ մէջ ունինք երկու եկեղեցիներ, սակայն, փառք Աստուծոյ, աշխարհի տարածքին, ամէն կողմ, այսօր, կը տեսնենք Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիներ։

Այսօր, աշխարհով մէկ, կ՚ ապրինք տարբեր վիճակներու մէջ եւ կանչուած քննել մենք զմեզ ու հարցնել. Ի՞նչ վիճակի մէջ են մեր եկեղեցիները։

Տակաւին իբրեւ փարոս հաստատուա՞ծ են ժայրի վրայ եւ լոյս կը սփռե՞ն խաւարի մէջ եղողներուն։ Թէ մեր եկեղեցիներու պատուհանները գոցուած են հաստ վարագոյրներով եւ միայն մենք մեզմով ուրախ եւ հպարտ կը զգանք, առանց լուսաւորելու ուրիշները եւ կամ մեր անցեալով կը հպարտանանք առանց ապագայի տեսիլք ունենալու։

Արդեօք եկեղեցիին լոյսը, որպէս փարոս, կը փայլի՞ եւ կը լուսաւորէ՞ մարդկութիւնը առաջնորդելու Տէր Յիսուս Քրիստոսի, թէ՝ ամփոփուած ենք մեր պատեաններուն մէջ եւ գոհ ենք մեր վիճակէն եւ աւելին՝ կարծէք մեր լոյսերը դարձած են գունաւոր, աղօտ, տկարացած, որովհետեւ սկսած ենք պարպուիլ Աստուծոյ Խօսքին մղիջ ուժէն։

Յիշեցնենք թէ Եկեղեցին կանչուած է ըլլալու աշխարհի լոյսը եւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիին 175 ամեակին առիթով, ինչպէս միշտ, Աստուծոյ փառք տանք Իր եկեղեցիին համար եւ վերատեսութեան ենթարկենք մենք զմեզ ու ապաշխարութեան հոգիով խնդրենք որ Տէրը ալ աւելիով լեցնէ մեզ Իր սիրով եւ ալ աւելիով լուսաւորէ մեզ Իր լոյսով, որպէս զի շարունակենք տարածել Իր սէրը բոլոր մարդկանց ու շարունակել ըլլալ, ժայռի վրայ հաստատուած, Իր լուսաւոր փարոսը այս աշխարհին մէջ, Իր փառքին տարածման, Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիին շինութեան ու Հայ ազգին պայծառացման համար։ Ամէն։

Փասատինա, ՔալիՖորնիա

  Add impact to your inbox. Join our mailing list and see our work in action: Sign Up