
The Eastering Event


Easter is the celebration of Christ’s resurrection. It is an affirmation about life after death—an assurance of eternal life with God. It is also a statement about a quality life here on earth—an assurance of a better life here and now.
Undoubtedly, Easter is a unique historical event which affirms Jesus’ victory over death. That event, however, becomes real, relevant, and meaningful to those who bind their lives with the triumphant Lord. Only after the encounter with the risen Lord, Easter receives a new meaning.
That’s what happened to the disciples of Jesus. Although Christ had risen from the dead on Sunday following his crucifixion, they had a hard time at first to believe in the news of his resurrection. It was not until each in turn had experienced, in his or her own way, the undeniable presence of the living Christ that they were convinced. Each had a so-called “eastering event” in his or her own life. John’s and Peter’s eastering happened when they saw the shroud-littered empty tomb of Jesus. Mary found her eastering event when Jesus spoke to her in the garden. The doubting Thomas had his eastering event when Jesus showed him the marks of his wounds.
Once the early followers of Jesus experienced the risen Lord in their lives, they were completely transformed. Their sorrow gave way to joy, and that joy made them courageous and confident. This little band of once-demoralized people suddenly became brave witnesses of Jesus. Fearlessly declaring the Gospel of the risen Christ, they became a powerful movement challenging the Roman Empire.
As in the past, today also people can experience the eastering event of the new life in Christ if they accept him as Lord and Savior of their lives. Following that a marvelous transformation takes place in their lives. That decisive encounter will give them a new perspective. It will fill their lives with peace, purpose, and power. It will give them faith, hope, and spiritual strength to push aside the stone of self-defeat. They will no more be afraid of dying, nor will they be afraid of living. They will be able to declare with conviction; “Christ has risen from the dead. He is risen indeed!”
Rev. Dr. Vahan H. Tootikian
Executive Director
Armenian Evangelical World Council

Հայ Աւետ. Համաշխարհային խորհուրդի Ս. Զատկուայ Պատգամը
Սուրբ Յարութեան Հրաշքը
Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը պատմական եզակի դէպք մըն է, որուն վրայ հիմնուեցաւ Քրիստոնէական Եկեղեցին: Եթէ Յիսուս յարութիւն առած չըլլար՝ գուցէ սոսկ կրօնական նահատակ մը պիտի ըլլար, բայց ոչ տիեզերական Փրկիչը մարդկութեան: Հաւանաբար ան պիտի ճանչցուէր իբրեւ հանճարեղ մարգարէ մը, կամ փիլիսոփայ մը, որ իր ուսուցած վարդապետութեան եւ համոզումներուն համար իր կեանքը զոհած էր:
Քրիստոնեայ Եկեղեցին քսան դարերէ ի վեր հռչակած է Քրիստոսի Յարութիւնը իբրեւ պատմական անհերքելի դէպք: Քրիստոսի աշակերտները առաջին վկաներն էին անոր յարութեան: Անոնք երեք տարիներ շարունակ աշակերտած էին անոր, լսած էին անոր պատգամները, տեսած էին անոր հրաշագործութիւնները, հուսկ ականատես եղած էին անոր խաչելութեան, մահուան եւ թաղման: Բնականաբար, 3իսուսի խաչելութիւնն ու մահը խորապէս ցնցած էին իրենց ներաշխարհը: Ահաւոր էր իրենց ցաւը: Վախն ու անոր առթած շփոթութիւնը ընկճած էին անոնց հոգիները:
Երեք օր յետոյ, սակայն, արտակարգ դէպք մը պատահած ըլլալու էր անոնց յուսահատութիւնը, դառնութիւնն ու վախը փարատելու, անոնց վիշտն ու ցաւը ամոքելու եւ անոնց խախտած հաւատքը վերակենդանացնելու համար: Այդ արտակարգ դէպքը Քրիստոսի Յարութիւնն էր: Այո՛, Յարութեան դէպքը, Զատկուայ հրաշքը, Յիսուսի աշակերտներու անձերուն եւ նկարագիրներուն մէջ արմատական փոփոխութիւն մը յառաջացուցած էր: Արդարեւ, իր խաչելութենէն երեք օր ետք, Կիրակի առաւօտուն Արեմաթիացի Յովսէփի դամբանին մէջ, ուր Յիսուս թաղուած էր, հրաշք մը պատահած էր— Քրիստոս յարութիւն առած էր…:
Յիսուսի թափուր գերեզմանը, անոր հրաշափառ Յարութեան դէպքը լիովին յեղաշրջած էր աշակերտներուն կեանքը: Անոնց յոռետեսութիւնը տեղի տուած էր լաւատեսութեան: Անոնք թօթափած էին ամէն անձկութիւն եւ յուսաբեկութիւն եւ խանդով ու աւիւնով, հաւատքով ու վճռակամութեամբ տոգորուած՝ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի աննահանջ ախոյեանները դարձած էին:
Յարուցեալ Քրիստոսի քառասնօրեայ երեւումները անոր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն աւելի եւս ամրապնդած էր անոնց հաւատքը: Ա’յդ հաւաքական հաւատքէն էր որ ծնաւ Քրիստոնէական Եկեղեցին: եկեղեցին ալ, իր հերթին, ծնունդ տուաւ Աւետարաններուն եւ Նոր Ուխտի միւս գիրքերուն:
Զատկուան հրաշքը, ոչ միայն Յիսուսի աշակերտներուն, այլ ամէն դարու մէջ ապրող քրիստոնեաներուն ներշնչած է, եւ կը շարունակէ ներշնչել յաւիտենական կեանքի անմեռ եւ անմար յոյսը, թէ՝ կեանքը աստենական չէ միայն, այլ նաեւ անդենական: Կա՛յ նաեւ անդրշիրիմեան կեանք մը, յաւիտենական կեանք մը:
Աւելին, Ս. Յարութեան հրաշքը, ոչ միայն Յիսուսի աշակերտներուն, այլ ամէն դարու մէջ ապրող քրիստոնեաները ներշնչած է, եւ կը շարունակէ ներշնչել, ամենօրեայ յաղթական կեանք ապրելու վստահութիւնը: Յարուցեալ Քրիստոսի յաղթութիւնը կը դառնայ քրիստոնեաներուն կենսունակութեան աւիշը, կ’ըլլայ հզօր ուժամղիչը՝ անոնց կեանքերուն եւ կը մղէ զանոնք դիմագրաւելու ամէն տեսակ տագնապներ, դժուարութիւններ եւ խութեր: Անոնք, Առաքեալին նման, իրեն հոգեկան ոգորումներուն մէջ կրնան յայտարարել. «Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով»:
Թող Ս. Յարութեան հրաշքը իր ներզօր ազդեցութիւնը ունենայ ամէն մարդու կեանքին, որպէս զի կարենայ լիաթոք գոչել. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»:
Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Գործադիր Տնօրէն
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի