ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԵԾ ԵՒ ՍՔԱՆՉԵԼԻ – Khorhourt Medz Yev Skanchelee • The Great and Magnificent Mystery

Painting by Anushik Ayvazyan, Yerevan, Armenia (former AMAA sponsored child)


Որքա՜ն հարուստ է մեր մշակոյթը, պատմութիւնը, եկեղեցին եւ մեր հայրերու ստեղծագործութիւնը:

ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԵԾ ԵՒ ՍՔԱՆՉԵԼԻ

Տօնական օրերու յաջորդականութեան այս հոլովոյթն ու դրութիւնը, ես իսկական օրհնութիւն կը սեպեմ:Արդէն ետին ձգած Ծննդեան վաճառականացուած կամ շահարկութեան ոլորտին շուրջ կեդրոնացած մթնոլորտը, Յունուար 6-ով ներկայացուած այս երկրորդ պատեհութիւնը հրաշալի պարգեւ մըն է մեզի աւելի լաւ ըմբռնելու այն՝ որ կը յիշատակենք, այն՝ որ պատահեցաւ եւ այն՝ միակ եւ մեծագոյն նուէրը որ «խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրին մէջ պառկած» մարդկութեան հրամցուեցաւ:

ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԵԾ ԵՒ ՍՔԱՆՉԵԼԻ
«Հաւատքը չտեսնուած բաներու ապացոյցն է» կ՚ըսէ Պողոս Առաքեալ եւ հաւատքով մենք կը սքանչանանք Մարիամ կոյսին ծննդաբերած Աստուածային յատնաբերումին: Եւ մի ջանաք մարդկային նեղ եւ սահմանափակ մտքերու «ան»կարողութիւնով տրամաբանել Աստուածային մարդեղացումը եւ զոհաբերումը, մարդ արարածին փրկութեան առիթը ընծայելու:

ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԵԾ ԵՒ ՍՔԱՆՉԵԼԻ
Եւ ահա այս հրաշալիքին մէջ կը կայանայ 5րդ դարէն ժառանգուած «Խորհուրդ»ին Մեծութիւնն ու Սքանչելիութիւնը, երկնուած՝ այնքան գեղեցիկ, խոր եւ խտացած երեք բառերու մէջ:

ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԵԾ ԵՒ ՍՔԱՆՉԵԼԻ
Այս Ծննդեան Տօնին եկէք խոնարհինք ԽՈՐՀՈՒՐԴի հրաշալիքին դիմաց, ջերմացնենք մեր հոգիները այն ՄԵԾ եւ ՍՔԱՆՉԵԼԻ նուէրով զոր տրամադրուած է բոլորիս, ընդունինք եւ ապրինք զայն երախտագիտութեամբ եւ սիրով: Եկէք ցոլացնենք  մեզի պարգեւուած այդ սէրը լուսաւորելով մեր շրջապատը, մեր ազգն ու հայրենիքը եւ համայն մարդկութիւնը:

 
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
(Krisdos dzenav yev haydnetsav
Orhnyal é haydnoutyunnen Krisdosee)
CHRIST IS BORN AND IS REVEALED
BLESSED IS THE REVELATION OF CHIRST
Զաւէն Խանճեան
Գործադիր Տնօրէն
ՀԱԼԷՊԸ՝ իր ազատագրումի առաջին տարին բոլորեց վերադարձնելով տօնական օրերու ջերմութիւնն ու ոգին: Այդ ոգին, ինչպէս որ տպաւորած է զիս իմ մանկութեան օրերէս եւ արձանագրուած «ՀԱԼԷՊ Առաջին Կայարան» խորագրով եւ «Տօները Հալէպի Մէջ» ենթախորագրով յուշերուս մէջ, կցուած կը ներկայացնենք ձեր ընթերցման հաճոյքին համար:Download Holidays In Aleppo


ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԵԾ ԵՒ ՍՔԱՆՉԵԼԻ
Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի
Որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ,
Հովիւքն երգեն ընդ հրեշտակս`
Տան աւետիս աշխարհի:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։

Ծնաւ նոր արքայ
Ի Բեթղեհեմ քաղաքի,
Որդիք մարդկան, օրհնեցէք,
Զի վասն մեր մարմնացաւ:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։

Հեղինակ՝ Մովսէս Խորենացի, 5րդ դար

THE GREAT AND MAGNIFICENT
The great and magnificent Mystery
Is revealed today;
Shepherd and angels shared
The good news with the world;
“Christ is born and is revealed.”

A new king is born
In the city of Bethlehem;
Praise him, sons of men,
For he was incarnate for us.
Christ is born and is revealed.

Words and melody: Movses Khorenatsi, 5th C.
Translation: Ardem Tajerian
Source: The Hymnal (Hokevor Yerkaran)
  Add impact to your inbox. Join our mailing list and see our work in action: Sign Up