
“…they returned to their country by another route” Matt. 2:12 -An Armenian Christmas Message

«…….Ուրիշ Ճամբով գացին»
Մատթէոս 2. 12
Աւետարանի համարին ակնարկը մոգերուն է իսկ մէջբերումին աղբիւրը 50 տարեկան:
Գրելու դժուարութիւն չունիմ:
Իսկ հակառակ ժամանակի սղութեան, օրուայ 24 ժամերը բաւարար են գտնելու ստեղծագործութեան անհրաժեշտ պահը:
Հայկական տօնացոյցին վրայ Յունուար 6-ը Սուրբ Ծնունդի եւ Յայտնաբերութեան Տօնն է:
Ետին թողած շուկայական քարոզչութիւններու խաժամուժը եւ նիւթականացած Ծնունդի մը երուզերներու խճողումը, ճանապարհս ուղղեցի Հայ Աւետարանական պատմական մամուլին՝ անոր ծոցէն գտնելու համար օրուան յարմար եւ պատշաճ թարմ պատգամ մը մեր սրտերը ջերմացնելու նպատակաւ:
Հարուստ է Հայ Աւետարանական մամուլը եւ բեղուն են այնտեղ գտնուող գրիչները:
Ստորեւ կը գտնէք օրուայ խորհուրդին առընչութեամբ եզրափակիչ մէջբերում մը մոգերու` նորածին Մանուկին տուած այցելութեան մասին, «ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ»ի Յունուար 1967-ի խմբագրականէն, ստորագրուած վեթերան հովիւ, պատմագէտ, խմբագիր, աստուածաբան եւ հեղինակ՝ Վեր. Պարգեւ Ն. Տարագճեանի կողմէ եւ խորագրուած «…….Ուրիշ Ճամբով գացին»:
Թող այս պարզօրէն արտայայտուած խորհուրդը՝ հեռանալու Հեռովդէս թագաւորի լարած ծուղակէն, ջերմացնէ մեր հոգիները յիշեցնելով Աստուածային անսահման սէրը, խոնարհութիւնը եւ իր Միածին որդւոյն ՝ Յիսուս Քրիստոսի յայտնաբերումն ու վերջապէս գերագոյն զոհողութիւնը մարդկութեան համար:
Եկեք 2017-ին «ուրիշ ճամբով երթանք», հեռանալով անտարբերութեան, անհոգութեան, անտեսումի եւ անգործութեան ճանապարհներու ծուղակէն եւ աշխատինք ցոլացնել Աստուածային անպարագիծ սէրը մեր ազգին եւ հայրենիքին հանդէպ եւ մեր շրջապատին մէջ:
Զաւէն Խանճեան
Գործադիր Տնօրէն
Տօնեցինք Յիսուսի ծնունդը: Բայց կարեւոր է գիտնալ թէ՝ ծանօթացա՞նք արդեօք Անոր հետ: Տեսա՞նք Զայն: Ծնրադրեցինք Անոր առջեւ:
Եթէ տեսանք ու ճանչցանք Յիսուս Մանուկը, ա՛լ մասնակից չըլլանք չարիքի, հապա թող բան մը փոխուած ըլլայ մեր կեանքին մէջ: Տեսնելէ ետք Յիսուսը, փնտրե՛նք Աստուծոյ Հոգիին առաջնորդութիւնը, ու փոխե՛նք մեր ճամբան: Ուրի՛շ ճամբով երթանք մեր գործերուն, մեր զբաղումներուն: Ուրի՛շ ճամբով մօտենանք մեր հարցերուն եւ դժուարութիւններուն: Ուրի՛շ աչքերով դիտենք մեր ընտանիքի անդամները, ընկերները, ազգակիցները…:
Ու այս «ուրիշ»ը ըլլայ Աստուծո՛յ ընտրութեամբ, ու համաձայն Անոր հոգիին:
Մսուրէն վերադարձի ճամբան թող մեր փրկութեան ճամբան ըլլայ:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ
Ձեզի, մեզի, Մեծ Աւետիս