Քէմբ ԱՐՄԷՆ

Տեսիլքի մը Վերականգնումը – Քէմբ ԱՐՄԷՆ

Հիմնարկէքի Արարողութիւն Նոյեմբեր 4, 2023

«Եթէ Տէրը չշինէ տունը, զուր տեղ կ’աշխատին անոր շինողները» – Սաղմոս 127. 1։ Այս Սուրբ Գրային համարով Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Արք. Մաշալեան սկսաւ իր պատգամը ուղուած ներկաներուն՝ Շաբաթ, Նոյեմբեր 4, 2023-ին, Իսթանպուլի Թուզլա թաղամասին մէջ գտնուող Քէմբ ԱՐՄԷՆ-ի վերակառուցման հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին։ Հիմնարկէքի այս միջոցառումին կը մասնակցէին Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի Հովիւ՝ Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու, Կ. Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսական Աւագ Աթոռի Առաքելական Կառավարիչ՝ Պօղոս Լեւոն Արք. Զեքիյեան, Հրանդ Տինք դպրոցի սաներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։

1962-ին՝ Հրանդ Կիւզէլեան տեսիլք մը ունէր փրկելու, կրթելու եւ դաստիարակելու Հայ երեխաներ, որոնք հարկադրաբար կ’ապրէին օտար շրջապատի մէջ եւ կը հետեւէին այլ հաւատքի եւ կրօնքի, որոնցմէ ամէնահանրածանօթներն են Հրանդ Տինք եւ իր տիկինը՝ Ռաքէլ Տինք։ Այսօր, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) կը ջանայ վերակենդանացնել այս տեսիլքը՝ օգնելով Քէմբ ԱՐՄԷՆի վերականգնումի եւ վերակառուցման աշխատանքներուն եւ յիշելու Հրանդի ժառանգութիւնը եւ անոր թողած ազդեցութիւնը այն երեխաներուն վրայ, որոնց ան օգնած էր եւ փրկած։

Կիւզէլեան՝ այդ անվախ հերոսը, որոնեց եւ փրկեց հարիւրաւոր հայ երեխաներ, որոնք 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող տասնամեակներուն մնացած էին առանց ընտանիքի, ինքնութեան, եկեղեցիի կամ դպրոցի։ Ապա ան հիմնեց Պոլսոյ Պատանեկան Տունը, իսկ աւելի ուշ կառուցեց Թուզլա թաղամասին մէջ Քէմբ ԱՐՄԷՆը, անոնց ապահովելու ապաստանարան եւ գուրգուրանք, եւ սորվեցնելու յարգել եւ պահպանել իրենց Քրիստոնէական հաւատքն ու Հայկական ժառանգութիւնը։

1970-ական թուականներու վերջաւորութեան Քէմբ ԱՐՄԷՆը բռնագրաւուեցաւ տեղի իշխանութիւններու կողմէ եւ զայն ետ սեփականացնելու բազմաթիւ փորձեր մերժուեցան։ Մայիս 2015-ին կրկին դիմադրութիւններ սկսան երբ ճամբարը քանդելու փորձեր կը կատարուէին։ «Նոր Զարթօնք» եւ «Քէմբ Արմէն» համախմբումերը 180 օր գիշեր ու ցորեկ հսկեցին ճամբարին կանխելով անոր աւերումը։ Ապա, որպէս արդիւնք Հայ Համայնքի ներկայացուցիչներու եւ քաղաքական գործիչներու բանակցութեան գործընթացին, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու համար իրականացուած բարեփոխումներու շրջանակներուն մէջ, Քէմբ ԱՐՄԷՆի սեփականութեան իրաւունքը Հոկտեմբեր 27, 2015-ին վերադարձուեցաւ Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին։ Այդ թուականէն ետք հետեւողական ջանքեր կը գործադրուին Թրքահայ ազգային եւ եկեղեցական շրջանակներու մէջ, ճամբարը վերակառուցելու։ Նոր Քէմբ ԱՐՄԷՆը պիտի վերակառուցուի նոր սերունդի ներկայի կարիքներուն համապատասխան։ Այս նախաձեռնութիւնը կ’իրականացուի Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու համատեղ նախաձեռնութեամբ։

ԱՀԱԸ-ի նշանակետն է 2.5 միլիոն տոլարի հանգանակութիւն, նոր Քէմբ ԱՐՄԷՆԸ դարձնելու առաջին եւ միակ ճամբարը Թուրքիոյ մէջ, որ պիտի գործէ որպէս զարգացման կեդրոն, եւ պիտի ծառայէ Հայ Աւետարանական, Կաթողիկէ եւ Առաքելական համայնքներու պատանիներուն եւ երիտասարդներուն անխտրաբար,  ամէն օր՝ ամբողջ տարուան ընթացքին՝ ընկերային, մշակութային եւ կրօնական զարգացման ծրագիրներով, պատրաստուած կամաւորներու օգնութեամբ։

ԱՀԱԸ-ը կը քաջալերէ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Հրանդ Կիւզէլեանի տեսիլքին՝ մասնակցելու եւ դառնալու Քէմբ ԱՐՄԷՆի վերակառուցման այս եզակի ժամանակին մէկ մասնիկը։

Քէմբ ԱՐՄԷՆը կը վերակառուցուի՝ անգամ մը եւս ընդգրկելու Թուրքիոյ մէջ ապրող Հայ պատանիները եւ երիտասարդները, եւ կապելու զանոնք իրենց ժառանգութեան ու հաւատքին եւ ոգեշնչելու զիրենք որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին փոփոխութիւններ բերէն զիրենք շրջապատող աշխարհին։

Իր հիմնադրութեան օրէն իվեր, ԱՀԱԸ-ը նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցած է Պոլսոյ Պատանեկան Տան եւ Քէմբ ԱՐՄԷՆին, ինչպէս նաեւ Կիւզէլեանի աշխատանքներուն։

Կը խնդրենք որ համագործակցիք եւ աջակցիք ԱՀԱԸ-ի ջանքերուն՝ Թուրքիոյ մէջ ապրող մեր Հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու համար այս փոքրիկ տունը ստեղծելու։

Պատրիարք ՄԱՇԱԼԵԱՆԸ, Արքեպիսկոպոս ԶԵՔԻՅԵԱՆԸ եւ վերապատուելի ԱՂԱՊԱԼՕՂԼՈՒՆ կ’ըսեն՝ ԱՅՈ։

Իսկ դո՞ւն։