The Crisis in Lebanon:

OUR COMMITMENT

“Perfect love casts out all fears.”
1 John 4:18

Our communities in Lebanon are facing existential threats.

And this time it’s not the indiscriminately flying bullets.

It is poverty, unemployment, loss of jobs, layoffs, bankruptcies or half a salary that has surrendered its purchasing power.

It’s COVID-19, liquidity crunch, political upheaval and vanished opportunities.

Our people are industrious, workaholic and can turn the stone into bread.

But when calamity hits on all fronts paralyzing a region because of persistent fear of violence, exasperated by inability to access one’s own resources, compounded by an unknown and unseen vile, the result is an unimaginable and catastrophic collective punishment.

That is what our communities are facing today in the Near East, especially in Lebanon.
Imagine, a lockdown partially lifted, allowing schools to open but parents fretting, because they cannot afford any tuition any more.

Imagine teachers being paid half a salary while the cost of essential goods has tripled.

This is not the Dark Ages nor the lurid Ottoman Empire.

It is the 21st Century so sanguinely welcomed.

The situation is grim and even the short term need is unimaginably immense.

We have no choice but to reach out, cast out all fear, inject hope and resuscitate.

God has called us to implore “perfect love to cast all fear.” Fear held off and hopelessness cast away bring chances of revival closer to reality.

I ask that you join us in our efforts and support the Armenians in Lebanon through a reputable channel of your choice or AMAA’s mission (AMAA 31 W. Century Rd., Paramus, NJ 07652) to sustain the health, education or mere life of the communities in the Near East.

Your generous gift will help win the battle of survival in Lebanon.

Zaven Khanjian
AMAA Executive Director/CEO

May 20, 2020

NewCovidBanner


Լիբանանահայութեան Տագնապը

Ի ՀԱՐԿ Է՛

«Կատարեալ սէրը կը վանէ վախը։»
(Ա. Յովհաննու 4. 18)

Լիբանանահայութիւնը ճգնաժամային օրեր կապրի:

Այս անգամ սուրացող փամփուշտերը չեն տագնապի աղբիւրը։

Հապա չքաւորութիւնը, անգործութիւնը, գործազրկութիւնը, աշխատանքէ հեռացումը, կամ կէս աշխատավարձքերը՝ որոնք զգետնած են հասարակութեան գոյանալու կարողականութիւնը։

Գումարէ գահաժահրը, ստակի կախարդական խաւարումը, քաղաքական Ճգնաժամը, եւ եթերացած պատեհութիւնները։

Մեր ժողովուրդը գործունեայ է, աշխատասէր եւ քարը հացի վերածող։

Բայց երբ աղէտը կը հարուածէ բոլոր ճակատներէն՝ անդամալուծելով ամբողջ տարածաշրջան մը յարատեւ բռնութեան վախի քողով, գումարած սեփական շահի օգտագործման անկարողութեամբ եւ բարդուած աննախադէպ եւ անակնկալ ժահրով մը, արդիւնքը կ՚ըլլայ աներեւակայելիօրէն, աղիտալի եւ անողորմ հաւաքական պատիժ։

Այս է Մերձաւոր Արեւելքի մեր ժողովուրդի իրավիճակը այս օրերուն, յատկապէս Լիբանանի մէջ։
Երեւակայեցէք՝ երբ արգելաբակումը մասամբ վերցուած է, արտօնելով կրթական հաստատութիւններու վերաբացումը, նոյն ատէն ծնողներու անճրկած շփօթը՝ իրենց զաւակներուն կրթաթոշակները հայթայթելու անկարողութեան պատճառաւ։

Երեւակայեցէք ուսուցիչներ՝ որոնք իրենց աշխատավարձերուն կէսը կը վճարուին, մինչ անհրաժեշտ ապրուստի գիները եռապատկուած են։

Այս նկարագրութիւնները մութ դարերուն չեն պատկանիր եւ ոչ ալ տխրահռչակ Օսմանեան կայսրութեան։

Այլ յառաջադէմ 21րդ դարուն՝ որու գալուստը միասնաբար ջերմութեամբ ողջունեցինք։
Լիբանանահայ գաղութի ներկայ իրավիճակը խիստ ծանր է եւ անոր անմիջական կարիքները աներեւակայելիօրէն հսկայ։

Մեր ճիտի պարտքն է՛, ազգային գիտակցութեան դրսեւորո՛ւմը եւ մարդկային պարտաւորութեան հարկադրանքը՝ հաւաքական օգնութեան ձեռքը երկարել՝ վանելու ամէն վախ եւ կենդանութեան յոյս ներշնչելու գաղութի զաւակներուն։

Աստուած կը յորդորէ մեզ կատարեալ սէր ցուցաբերել՝ վանելու համար ամէն վախ։ Վախի վերացումը եւ վհատութեան տապալումը կենդանութեան նախապայմանն ու գրաւականն են:

Միացէք մեր ջանքերուն՝ աջակցելու վիրաւոր Լիբանանհայութեան, ձեր նախասիրած ճանապարհով եւ կամ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) խողովակով՝ AMAA 31 W. Century Rd., Paramus, NJ 07652, ապահովելու համար Մերձաւոր Արեւելքի մեր գաղութներու առողջութիւնը, սերունդներու կրթութեան ապահովումը եւ կամ լոկ հայ մարդու կեանքի ամենատարրական կարքիներու գոյացումը։

Համատարած հայութեան առատաձեռն նուէրները անպայման պիտի օժանդակեն

Լիբանանահայու գոյատեւման դժխեմ պայքարի յաղթանակին։

Լիբանանահայութեան փրկութեան ձեռք երկարելը անհրաժեշտութի՞ւն է:

Ի հարկ է՛:

Զաւէն Խանճեան
ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն

Մայիս 20, 2020